Թէքէեան Կեդրոնէն Ներս Ընդունելութիւն Ի Պատիւ Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի

Սփիւռքի նախարար Դոկտ. Հրանուշ Յակոբեան որ մաս կը կազմէր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի Պոստոն այցելութեան շքախումբին, մէկ օրով այցելեց Նիւ Եորք ունենալու հանդիպումներ ամերիկահայ ազգային կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ, ինչպէս՝ Ցեղասպանութեան Դարադարձի Տօնակատարութեան Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական Յանձնաժողովի, ՀԲԸՄի, Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց Առաջնորդարանի եւ  Կիլիկեան Թեմի:  Ան իր սուղ ժամանակացոյցէն անդին, սիրով ընդունեց ըլլալ Թէքէեան Մշակութային Միութեան մեծ ընտանիքին անդամներուն հետ, իրեն ի պատիւ տրուած ջերմ ընդունելութեան: 

Ապրիլ 1, 2016, Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 9ին, Տիկին Հ. Յակոբեան ընկերակցութեամբ ՄԱԿԻ մօտ ՀՀ Հաւատարմատար դեսպան Տէր եւ Տիկին Զօհրապ Մնացականեանի  ժամանեցին Նիւ Ճըրզիի Թէքէեան Կեդրոնը, ուր ընդունուեցան Միութեան պատասխանատուներուն կողմէ:  Բազմահոծ հրաւիրեալներուն մէջ էին ազգային մեծանուն բարերար Տէր եւ Տիկին Նազար Նազարեանները, ԹՄՄի բարերարուհի Տիկին Գարմէն Կիւլպէնկեան, ներկայացուցիչներ Թէքէեանի առաքելութեան հաւատացող զանազան կազմակերպութիւններու՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի, Վարդանանց Ասպետներու Եղբայրակցութեան, Հայ Կանանց Միջազգային Ընկերակցութեան, Էսաեան-Կեդրոնական Սանուց Միութեան, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի, Հայաստանի Օգնութեան Ֆոնտին պատասխանատուներ եւ ներկայացուցիչներ,   ինչպէս նաեւ՝ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան գանձապահը, Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի տնօրէնուհին եւ շրջանի ծանօթ արուեստագէտներ՝ Շահան Արծրունի, Նորա Արմանի եւ Ժիրայր Բաբազեան՝ Փարիզէն:

Բացման խօսքը կատարեց ԹՄՄ Մեծագոյն Նիւ Եորքի նորընտիր վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Հիլտա Յարութիւնեան, որ յանուն Թէքէեանի ու ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ հրաւիրեց ԹՄՄ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Պրն. Յակոբ Վարդիվառեանը ներկայացնելու հայրենի պետական հիւրը եւ վառելու օրուան յայտագիրը:

Պարոն Յ. Վարդիվառեան որ տասնամեակներու վրայ երկարող բարեկամութիւն մը մշակած է նախարարուհիին հետ ըսաւ. «Տիկին Հրանուշ Յակոբեան Հայաստանի պետական մարդոց մէջ Թէքէեանը ամենէն աւելի ճանցող քաղաքական դէմքն է եղած:  Մօտ քառասուն տարիներու սերտ յարաբերութիւն է մշակած ԹՄՄի հիմնադիրներուն հետ, մօտէն ճանչցած է ԹՄՄի ազգանուէր ու հայրենասիրական գործը դեռ խորհրդային օրերէն, հաւատացած է անոր առաքելութեան մանաւա՛նդ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու սերտացման աշխատանքին, հայ մշակոյթի զարգացման եւ հայրենասիրական զգացումներ վառ պահելու սրբազան գործին մէջ», շարունակելով ըսաւ «Եթէ աւելի բարենպաստ քաղաքական պայմաններ ստեղծուած ըլլային մեր կազմակերպութեան համար Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան ծնունդով, վստահաբար Տիկին Յակոբեան ոչ միայն Թէքէեանի Կեդրոնական Վարչութեան անդամը, այլ ատենապետը պիտի նշանակուէր»:  Ան յանուն Թէքէեանի մեծ ընտանիքին մաղթեց սերտ գործակցութիւն Սփիւռքի նախարարութեան հետ:

Խօսք առնելով Տիկին նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց այս սիրալիր ընդունելութեան համար, ան ըսաւ թէ հարազատ իր տան մէջ զգալու ամէն իրաւունքը ունենալով մեծապէս գնահատեց այս մեծ միութեան ազգանուէր գործունէութիւնը:  Կոչ ըրաւ շարունակել սկսուած  գործը, մանաւանդ ազգապահպանման աշխատանքին մէջ, որու ենթահողը կը կազմէ հայերէն լեզուն:  Հիացմունքով արտայայտուեցաւ այս գիշեր լսելով մաքուր արեւմտահայերէն լեզուն սրահէն ներս:  Մեր լեզուն առաջին գրաւականն է հայակերտումին համար:  Մշակութային կապերու սերտացման գործին մէջ ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբին Ապրիլին Հայաստան հիւրախաղերով այցը արդէն փաստն է այդ կապերու ամրապնդման:  Այս առթիւ նաեւ գնահատեց սփիւռքահայ միւս կազմակերպութիւններուն ջանքը հայապահպանամ աշխատանքին համար: Տիկին Յակոբեան խօսքը ուղղելով բարերար Նազարեան ամոլին վեր առաւ անոր կատարած իշխանական նուիրատուութիւնները Սփիւռքի տարածքին, հայրենիքին ու Մայր Աթոռին պայծառութեան համար:  Ողջագուրուեցաւ ու մաղթեց արեւշատութիւն ու առողջ կեանք:

Թատերախումբի հիմնադիրներէն Տիկին Սեդա Ճէպէեան ասմունքեց երկու կտոր, երկրորդը՝ անմահանուն Վահան Թէքէեանէն:  Այս առթիւ նաեւ, Տիկին Հ. Յակոբեան Սփիւռքի նախարարութեան ոսկեայ շքանշանով ու վկայականով պարգեւեց Թէքէեանի թատերախումբին բեմադրիչներէն Վարդան Գառնիկի Յովհաննէսեանին, անոր կատարած թատերամշակութային գնահատելի աշխատանքին համար:  Մինչ այդ թատերախումբի հիմնադիր անդամներ Յարութ Չաթմաճեան եւ Միսաք Պօղոսեան Տիկին նախարարին յանձնեցին վերջին ներկայացման՝ Պերճ Զէյթունցեանի «Ոտքի՛ … Դատարանն է» ներկայացման յուշալպոմը:

Խօսք առաւ նաեւ Պարոն Զօհրապ Մնացականեան ըսելով. «Ներկայ դիւանագիտական պաշտօնով իմ Նիւ Եորք այցէս քանի մը օր ետքարդէն, հիւրը եղայ ԹՄՄի վարչութեան, որ եկած էր յայտնելու իր բարի գալուստը ինծի:  Ես Թէքէեանի գործունէութեան մասնակիցն ու հաւատացողն եմ եղած Լոնտոնի ու Ժընեւի իմ պաշտօնավարութեան բովանդակ շրջանին:  Կը ճանչնամ պատասխանատուները, որոնք եղած են նուիրեալ հայրենասէրներ:  Մենք հպա՛րտ ենք Նիւ Եորքի Թէքէեանի կատարած որակաւոր ու բեղուն գործունէութեամբ»:  Ան մաղթեց նորանոր նուաճումներ միութեան գալիք տարիներուն համար:

Այնուհետեւ, Պարոն Յ. Վարդիվառեան ներկայացուց մասնաճիւղին նոր ատենապետուհին Տիկին Հիլտա Յարութիւնեանը, որ ծնունդով ու ընտանիքով հաւատաւոր թէքէեանական են եղած ու մասնաճիւղին տասնամեայ իր ատենապետի պատասխանատուութիւնը  իրեն յանձնելու երջանկութիւնը յայտնեց:

Պաշտօնական յայտագիրէն ետք, ներկաները ունեցան սրտբաց զրոյց հայրենի հիւրին ու դիւանագէտին հետ ազգային մշակութային եւ կրթական զանազան հարցերու կապակցութեամբ:  Անոնք մինչեւ ուշ երեկոյ ջերմ մթնոլորտի մէջ համեցան Թէքէեանի երդիքին ներքեւ:

Թէքէեան Մշակութային Միութիւն

 նախարար Նախարար1

Scroll Up