Ստեփանակերտի Մէջ Մոմերով Ջահերթ` Նահատակուած Զինուորներու Յիշատակին (լուսանկարներ)

Երէկ երեկոյեան «Հայրենեաց պաշտպան» հասարակական կազմակերպութեան եւ «Տիգրան Մեծ» բարեգործական հիմնադրամի նախագահ, Արցախեան ազատամարտի մասնակից, լուսանկարիչ-լրագրող, Սրապիոն Գէորգեանի նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած է մոմերով ջահերթ` նուիրուած այս օրերուն Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան ժամանակ զոհուած հերոսներու յիշատակին:
Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ երթը կայացած է Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն մինչեւ Ստեփանակերտի Ս. Յակոբ եկեղեցի, ուր երթի մասնակիցները եկեղեցւոյ մէջ աղօթք յղած են առ Աստուած:
Սրապիոն Գէորգեան նշած է, որ երթը յարգանքի տուրք էր Ապրիլ 1 լոյս 2-ին Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակման հետեւանքով Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան մարտերուն նահատակուած հայ քաջարի զինուորներու եւ անմեղ քաղաքացիական զոհերու յիշատակին:
«Ես Գերմանիայից եմ եկել ու միացել եմ երթին 18 մեթրանոց անկախութեան դրօշով, որը խորհրդանշում է1918 թուականը: Այս դրօշը ծածանուել է տարբեր երկրներում, ինչպէս նաեւ արարատի գագաթին: Մենք միասնական ենք ու միահամուռ: Թող բոլորը տեսնեն, որ արցախում կեանքը շարունակւում է եւ մարդիկ ապրում են համախմբուած»,- ըսած է Ս. Գէորգեանը:
Անոր խօսքով` իւրաքանչիւր նահատակուած հայ զինուորի յիշատակին համար հայոց դրօշը պիտի ծածանի բոլոր այն երկիրներուն ու վայրերուն մէջ, ուր պիտի ուզէին իր նահատակուած ընկերները: «Այժմ իմ միակ նպատակն ու երազանքը, իմ հետ Թալիշ բերած 100 մեթրանոց եռագոյնը Պաքւում բացելն ու ծածանելն է»,- նշած է Ս. Գէորգեան:

