Թալի Փլոսկովի Ղեկավարած Պատուիրակութիւնը Հիւրընկալուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

Ապրիլ 5-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Իսրայէլի Պետութեան Ք նեսեթի փոխխօսնակ, Իսրայէլ-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Թալի Փլոսկովը եւ անոր ղեկավարած պատուիրակութեան անդամները:

 Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ ուրախ է հանդիպելու այն երկրի պատուիրակութիւնը, ուր հայ համայնքը ներկայութիւն ունի վաղնջական ժամանակներէն մինչեւ այսօր եւ կը պահպանէ իր լեզուն, մշակոյթը, ազգային աւանդոյթները: Նախարարը աւելցուց նաեւ, որ Հայաստանի մէջ եւս ստեղծուած են բարենպաստ պայմաններ հրէական համայնքի զարգացման համար:

 Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարին ընդունելութեան համար` Թալի Փլոսկին  նշեց, որ իրենք խոր յարգանք կը տածեն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ եւ շահագրգիռ են տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութիւն զարգացնելու հարցով:

 Կարեւոր համարելով երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւններու յետագայ զարգացումն ու խորացումը, Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ ատոնք կրնան արդիւնաւէտ ըլլալ, եթէ Իսրայէլի Քնեսեթը ճանչնայ եւ դատապարտէ Թուրքիոյ իրականացուցած Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Ճանաչումն ու դատապարտումը մեծ դեր կարող է ունենալ, որպէսզի այլեւս աշխարհում որեւէ տեղ չկրկնուեն նման ոճրագործութիւններ, որ Երկիր մոլորակը խաղաղ լինի եւ հարցերը ոչ թէ զէնքի ուժով, այլ բանակցութիւնների սեղանի շուրջ լուծուեն»,- ըսաւ նախարարը:

 Հրանոյշ Յակոբեան անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ իսրայէլահայութեան բազմաբովանդակ ձեռնարկներուն` գոհունակութիւն յայտնելով, որ այդ ձեռնարկներուն ընթացքին հայութեան կողքին էին թէ՛ Իսրայէլի ժողովուրդը, եւ թէ՛ կառավարական շրջանակները:

 Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Թալի Փլոսկովին` նախօրէին Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններու առնչութեամբ եղած յայտարարութեան համար եւ կարեւոր համարեց  միջազգային հանրութեան միջամտութիւնը հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործին մէջ:

 Զրոյցի ընթացքին երկուստեք շեշտուեցաւ Իսրայէլի մէջ հայկական համայնքի եւ Հայաստանի մէջ հրէական համայնքի կարեւոր դերակատարումը` երկու երկիրներու տնտեսական, մշակութային, զբօսաշրջութեան եւ գիտութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը զարգացնելու հարցին մէջ:

34

Scroll Up