ԵՄ-ը Կ’ընէ Հնարաւորը` Արցախեան Խնդրի Խաղաղ Կարգաւորման Ուղղութեամբ. ԵՄ Պատուիրակութեան Ղեկավար

Պէտք է վերադառնանք ԼՂ կարգաւորման խաղաղ գործընթացին եւ աշխատինք փոխշահաւէտ:

Այս մասին, այսօր` Ապրիլ 5-ին, «Հայ Յառաջադէմ Երիտասարդութիւն» ՀԿ կազմակերպած «Երիտասարդներն ու գաղթը. մարտահրաւէրներէն հնարաւորութիւններ» խորագիրով համաժողովի ժամանակ լրագրողներուն յայտնած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փեոթր Անտոնի Սուիտալսկին` անդրադառնալով շփման գիծին վերջին օրերուն ծաւալուող ռազմական գործողութիւններուն, կը հաղորդէ Aravot.am-ը:

«Մենք կ’ապրինք դժուար պահեր… Մենք կ’ընենք հնարաւորը… պէտք է վերադառնանք կարգաւորման խաղաղ գործընթացին եւ աշխատինք փոխշահաւէտ»,-ըսած է Սուիտալսկին` աւելցնելով, որ հարցերուն կը պատասխանէ միայն իր գրասենեակին մէջ:

 

Scroll Up