Կիպրոսը Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանի Գործողութիւնները

Ապրիլ 4-ին Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը տարածած է ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ լարուած իրավիճակին վերաբերեալ, որուն մէջ «Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` ըսուած է.

«Կիպրոսի կառավարութիւնը ուշի ուշով կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրադարձութիւններու զարգացման ու իր անհանգստութիւնը կը  յայտնէ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտման վերաբերեալ: Մենք կը դատապարենք ուժի կիրառումն ու մարդկային կորուստները, յատկապէս` խաղաղ բնակիչներու շրջանին մէջ, եւ կոչ կ’ընենք Ատրպէյճանին պահպանել հաստատուած սահմանը: Խնդրի խաղաղ կարգաւորման այլընտրանք չկայ, եւ Կիպրոսի կառավարութիւնը այդ գործին մէջ կարեւոր կը համարէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի դերը: Միաժամանակ կոչ կ’ընենք Թուրքիոյ զերծ մնալ որեւէ գործողութիւններէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք ալ աւելի  անկայունացում կը պատճառեն իրավիճակին»:

Scroll Up