Ատրպէյճանը Գիշերը Կիրառած Է «Սﬔրչ»
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/04/7e8f8f34e51446d5ec0d9411c6bbca07-472x265.jpg)
Ապրիլ 1 լոյս 2-ին Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի ողջ երկայնքով Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած յարձակողական գործողութիւնները իրենց շարունակութիւնը ունեցած են նաեւ անցնող գիշեր: Այս մասին կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:
«Օրէ օր աւելի մեծցնելով կիրառուող զինատեսակներու տրամաչափը` Ապրիլ 4 լոյս 5-ին առաջնագիծի հարաւային ուղղութեամբ հակառակորդը կիրառած է «Սմերչ» համազարկային կրակի համակարգ: Նոյն ժամանակահատուածին հակառակորդը շարունակած է խաղաղ բնակավայրերու եւ մարտական յենակէտերու հրետակոծութիւնները, անօդաչու թռչող սարքերու աշխոյժ կիրառումը Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի ողջ երկայնքով, որոնցմէ մէկը ՊԲ-ի կողմէ ոչնչացուած է: Իրադարձութիւններու յետագայ զարգացման մասին՝ ﬔր յառաջիկայ հաղորդագրութիւններուն մէջ»,- ըսուած է ՊԲ հաղոդրագրութեան մէջ: