Քնեսեթի Փոխխօսնակը Խստօրէն Դատապարտած է Ատրպէյճանի Ռազմական Գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի Դէմ

Ապրիլ 4-ին ԱԺ Հայաստան-Իսրայէլ բարեկամական խումբի ղեկավար Արտակ Զաքարեան, խումբի անդամներ Ալեքսանդր Արզումանեան, Էդմոն Մարուքեան, Կարէն Բեքարեան, Թեւան Պօղոսեան, Հրանդ Բագրատեան եւ Նայիրա Կարապետեան հանդիպած են Իսրայէլի Քնեսեթի փոխխօսնակ, Իսրայէլ-Հայաստան պատգամաւորական բարեկամական խումբի ղեկավար Թալի Փլոսքովի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու խորհրդարանական յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման վերաբերող հարցեր: Խորհրդարանականները խօսած են երկու ժողովուրդները կապող պատմական ընդհանրութիւններու, այժմ ունեցող միանման խնդիրներու, սեփական երկրի սահմաններու պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան թեմաներու մասին:

Ողջունելով հիւրերը` Արտակ Զաքարեան կարեւոր համարած է Իսրայէլի խորհրդարանականներու մասնակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն: Յանձնաժողովի նախագահը, խօսելով հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնիդրու մասին, նշած է, որ Հայաստան կը ձգտի բոլոր տեսակի խնդիրները լուծել խաղաղ եւ քաղաքական ճանապարհով: Արտակ Զաքարեան նշած է, որ Ապրիլ 2-ի գիշերը ատրպէյճանական զինուժը յարձակած է ղարաբաղեան դիրքերու վրայ: Ընդգծուած է, որ մինչ այդ կը հրետակոծուէին նաեւ Հայաստանի սահմանները, սակայն վերջին օրերուն զարգացումը ուղղուած եղած է միայն Լեռնային Ղարաբաղի դէմ` նպատակ ունենալով գնդակոծել ԼՂՀ խաղաղ բնակչութիւնն ու պաշտպանական ստորաբաժանումները: Ըստ պարոն Զաքարեանի` Ատրպէյճանը ռազմական յարձակում ծաւալած է` խախտելով բոլոր պայմանաւորուածութիւններն ու բանակցային սկզբունքները:

Յանձնաժողովի նախագահը նշած է, որ Ատրպէյճան կը փորձէ ԼՂ հիմնախնդիրը տանիլ ռազմական լուծման ճանապարհով: Արտակ Զաքարեանի խօսքով` Ատրպէյճան կիրառած է լայն զինանոց: «Հայաստանը եւս տարբեր երկիրներէ ձեռք կը բերէ զէնք ու զինամթերք, սակայն ատոնք ուղղուած են խաղաղութեան պահպանման եւ տարածաշրջանային կայունութեան»,- ըսած է պարոն Զաքարեան: Նշուած է, որ Հայաստանը, փաստացի, ԼՂ-ի հետ միասին կը հանդիսանայ տարածաշրջանի կայունութեան միակ երաշխաւորը: Խաղաղութեան հասնելու ամենակարճ ճանապարհը, ըստ Արտակ Զաքարեանի, ԼՂ-ի եւ ՀՀ-ի հետ երկխօսութիւնն է` ԵԱՀԿ ՄԽ բանակցային ձեւաչափով:

Հիւրերը եւս ընդգծած են Իսրայէլի Քնեսեթի եւ ՀՀ Ազգային ժողովի հետ յարաբերութիւնները աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած աջակցելու համագործակցութեան փոխադարձ կարեւորութիւն ունեցող շարք մը ոլորտներու` տնտեսական, մշակութային, զբօսաշրջութեան մէջ:

Խօսելով ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու մասին` Իսրայէլ-Հայաստան պատգամաւորական բարեկամական խումբի ղեկավար, Քնեսեթի փոխխօսնակ Թալի Փլոսքով խստօրէն դատապարտած է Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի դէմ եւ խաղաղութիւն հաստատելու կոչ ըրած է: Քնեսեթի պատգամաւորները նշած են, որ խնդրի միակ լուծումը խաղաղութիւնն է, որ երկարատեւ գործընթաց է:

Հայ խորհրդարանականները եւս կարեւոր համարած են խորհրդարանական կապերու զարգացումը, խօսած են տարածաշրջանային խնդիրներու մասին, անդրադարձ կատարած Իսրայէլի մէջ հայկական համայնքի եւ Հայաստանի մէջ հրէական համայնքի կարեւոր դերակատարութեան բարեկամական յարաբերութիւններուն մէջ:

Scroll Up