Մերօրեայ Հերոսներ.Գրաւած Ետ Կու Գամ…Սասուն Մկրտչեանի Վերջին Խօսքերը
Այսօր` Ապրիլ 4-ին` ժամը 18.00-ին, Երեւանի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ մեր հերոս արծիւներէն մէկուն` Հետախոյզ — գնդացրորդ, պայմանագրային զինծայառող, շարքային Սասուն Ֆահրադի Մկրտչեանի հոգեհանգիստը: «Ռատիօլուր»-ի հետ զրոյցին հօրեղբայրը պատմած է, որ վերջին անգամ Սասունի հետ խօսած է Ապրիլ 1-ին: Ան ըսած է «Հոպար հանգիստ եղիր, գրաւած յետ եմ գալու… տէ հեսա` գրաւած յետ եկաւ»: