ՊԲ Զինծառայողը Ատրպէյճանական Ուղղաթիռը Խոցած Է Նռնականետով. տեսանիւթ

Յայտնի  դարձած են որոշ մանրամասներ Ապրիլ 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ ատրպէյճանական ուղղաթիռի ոչնչացումին մասին:

Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերով ուղղաթիռը ոչնչացուցած զինծառայող Նարեկ Մալխասեան պատմած է, որ այն կը գրոհէր հայկական դիրքերու վրայ: Ծառայակիցներէն մէկը, իր հերթին, յայտնեց, որ ուղղաթիռը ոչնչացուցած զինուորը նռնականետորդ է:

Յարձակման պահուն Մալխասեան կը գտնուէր խրամատին մէջ  եւ կը հանգստանար: Լսելով ծառայակիցներու տագնապը, ան դուրս  եկած ու տեսած է ուղղաթիռը, որ կը պատրաստուէր գրոհել խրամատը` սպաննելով, այնտեղ գտնուող անձնակազմը: Այդ պահուն ան ոչնչացուցած է ուղղաթիռը նռնականետի կրակոցով, կը գրէ panarmenian.net-ը:

Նախապէս ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնած էր, որ ուղղաթիռը ոչնչացուած էր Մռաւ լեռէն դէպի արեւելք ինկած հատուածին մէջ: Խոցուած ուղղաթիռը Մի-24/35 սերունդի էր:

Մի-35-ը Մի-24 ուղղաթիռի արդիականացուած տարբերակն է: Ատրպէյճանը ձեռք  բերած էր 24 հատ Մի-35 ուղղաթիռ Ռուսաստանէն 2010 թուականէն յետոյ, եւս 12 հատ Մի-24 ուղղաթիռ գնուած էր Ուքրանիայէն: Ուղղաթիռներու որոշ թուաքանակ ատրպէյճանական զինանոցին մէջ առկայ էր անկախացումէն ի վեր: Մի-24-ներու  մաս մըն ալ արդիականացուած էր հարաւաֆրիկեան ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւններու կողմէ Մի-24 SuperHind մակարդակի:

Scroll Up