Նախագահը Այցելած Է Մարտական Գործողութիւններու Հետեւանքով Վիրաւորուած Զինծառայողներուն.լուսանկարներ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ՀՀ ՊՆ կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցին մէջ այցելած է Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին վրայ մարտական գործողութիւններու հետեւանքով վիրաւորուած զինծառայողներուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
Հանրապետութեան Նախագահը բժիշկներէն հետաքրքրուած է վիրաւորներու առողջական վիճակով, իր զօրակցութիւնը յայտնած զինծառայողներուն, մաղթած անոնց շուտափոյթ ապաքինում: