«Կազփրոմ Արմէնիա»-ի 7000 Աշխատակից Մէկ ամսուան Աշխատավարձը Կը Փոխանցէ ԼՂՀ-ին

«Կազփրոմ-Արմէնիա»-ի մամուլի քարտուղար Շուշան Սարդարեան քիչ առաջ իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ յայտարարութիւն մը տարածած է` համաձայն որուն` «Կազփրոմ Արմէնիա» ՓԲԸ աշխատակիցները `թիւով 7000 հոգի, միասնակամ իրենց մէկ ամսուան աշխատավարձը յատկացուցած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան: Այս մասին կը յայտնէ «Հայերն այսօր»-ը:
«Հակամարտութեան գօտիին մէջ ստեղծուած լարուածութեան պայմաններուն մէջ բնակչութեան կարիքները հոգալու համար փոխանցուած է 1 մլր 200 մլն դրամ»,-ըսուած է «Կազփրոմ-Արմէնիա»-ի մամլոյ քարտուղար Շուշան Սարդարեանի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: