Հայ Զինուոր-Մարզիկը Յաղթանակ Տարաւ Թուրք եւ Ատրպէյճանցի Մարզիկներուն Դէմ եւ Դարձաւ Եւրոպայի Գաւաթակիր

Աթէնքի մէջ մեկնարկած է ճիւտոյի երիտասարդական Եւրոպայի Գաւաթի խաղարկութիւնը:
Մրցոյթի առաջին օրը մրցագորգ եկլած են 55 քկ, 60 քկ, 66 քկ եւ 73 քկ քաշային կարգ ունեցող մարզիկները:
55 քկ քաշային Շահէն Աբաղեանը մեկնարկային գօտեմարտին առաւելութեան հասած է թուրք Չելիք Էմրէի նկատմամբ, ապա յաղթած է վրացի Գիորգի Նիազաշվիլիին եւ Զուրաբ Կախնիաշվիլիին: Եզրափակիչին հայ ճիւտոյիստը պարտութեան մատնած է ատրպէյճանցի Նաթիգ Գուրբանլիին եւ դարձաւ Եւրոպայի գաւաթակիր, այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի կայքը:
Տեղեկացնենք, որ Շահէն Աբաղեանը կը ծառայէ ՀՀ Բանակի կեդրոնական մարզական ակումբէն ներս: 2015 թուականի լաւագոյն զինուոր-մարզիկներու տասնեակի մէջ է: