Հակառակորդի Առաջնահերթ Ծրագիրները Ձախողութեան Մատնուած Են. տեսանիւթ

Ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերը եւ առաւօտեան հակառակորդը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին ողջ երկայնքով ձեռնարկած է լայնածաւալ նախայարձակ գործողութիւններ, որոնց ընթացքին հրթիռահրետանային արկակոծման  կ’ենթարկուին ոչ միայն հայկական զինուժի պաշտպանական դիրքերը, այլեւ խաղաղ բնակավայրերը: Ըստ ՊԲ տուեալներուն, ատրպէյճանական զինուժին կողմէ Ապրիլ 2-ին ժամը 08:30-ի սահմաններուն Մարտունիի պաշտպանական ուղղութեամբ ՄՄ-21 («Կրատ») կայանքէն իրականացուած հրթիռահրետակոծութեան հետեւանքով սպաննուած է 2004թ. ծնունդ Վաղինակ Թաթուլի Գրիգորեանը, եւս երկու երեխայ վիրաւորուած են:

«Հայերն այսօրը» կը  ներկայացնէ Ժամը լրատուականի պատրաստած տեսանիւթը:

Scroll Up