ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը կը Դատապարտէ

ՀՀ ԱԳՆ յայտարարութիւնը

Խստօրէն կը դատապարտենք նախորդ գիշեր Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէն սանձազերծուած ռազմական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփմանգծի ողջ երկայնքով եւ Հայաստանի հետ սահմանին` յարձակումենրու թիրախ դարձնելով նաեւ քաղաքացիական կառոյցներ ու բնակավայրեր:

Պաքուի կողմէն բանակցային գործընթացի խաթարման ուղղուած շարունակական քայլերը, իսկ վերջերս Մինսկի խումբի համանախագահներու հետ հանդիպումներէն հրաժարումը, Ատրպէյճանի նախաձեռնած նոր թափով ռազմական գործողութիւնները, շանտաժի լեզուով խօսելու հերթական ապարդիւն փորձերն են:

Պաքուն կոպտօրէն կը ոտնահարէ միջազգային հանրութեան բազմաթիւ կոչերը` հիմնահարցը բանակցային ճանապարհով լուծելու վերաբերեալ: Միայն վերջին օրերուն նման նոր յայտարարութիւններով հանդէս եկան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութիւնը, ԵԱՀԿ գերմանական նախագահութիւնը, ԱՄՆ փոխնախագահը, պետքարտուղարը: Ահա, թէ ինչպէս Ատրպէյճանը կը պատասխանէ նման յորդորներուն:

Մենք բազմիցս հրաւիրած ենք միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը, կոչ ըրած սանձել Պաքուի ռազմական նկրտումները` աչքի առջեւ ունենալով իրավիճակի ճիշտ այնպիսի զարգացումը, որ այսօր կ’իրականացուի Ատրպէյճ կողմէն:

Իրավիճակի սրման Ատրպէյճ այս հերթական քայլը, նկատի առնելով անոր լայնածաւալ բնոյթը, օգտագործուած զինատեսակները, թիրախներու ընտրութիւնը, կը խօսի այն մասին, որ Պաքուն կ’երթայ իրավիճակի հետեւողական լարման ճանապարհով, ինչը հրամայական կը դարձնէ Ատրպէյճանին կարգի հրաւիրելու նպատակով միջազգային հանրութեան գործնական քայլերու իրականացումը:

Scroll Up