Հայոց Ցեղասպանութեան Փասատինայի Յուշարձանին Առջեւ Ոգեկոչում՝ Ապրիլ 17ին

Հայոց Ցեղասպանութեան Փասատինայի յուշարձանի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ցեղասպանութեան 101ամեակի նախաշեմին, Ապրիլ 17ին, կ.ե. ժամը 2ին տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչման ձեռնարկ մը՝ Փասատինայի «Մեմորիըլ» հանրային պարտէզին մէջ գտնուող յուշարձանին առջեւ։
Անցեալ տարի տեղի ունեցած յուշարձանի բացման արարողութեան ներկայ եղած էր աւելի քան 1500 հոգի։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www. pagmc.org կայքը: