Պոսթընի ՄԷջ ՀՀ Նախագահի Ղեկավարած Պատուիրակութեան Դիմաւորած Է Նաեւ «Սայաթ-Նովա» Պարախումբը

Աշխատանքային այցով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գտնուող Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Մարտ 30-ին հանդիպում մը ունեցած է Մասաչուսէթսի նահանգապետ Չարլզ Պէյքերի հետ:

«Նախագահի այցելութեան ժամանակ քաղաքապետարանի բակին մէջ հայկական մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով, ըստ արարողակարգի, մեր պարախումբը մուտքին մօտ տարազներով նախագահին կը սպասէր: Պարախումբի անդամները շատ ոգեւորուած էին եւ նոյնիսկ նախագահին ողջունելու հնարաւորութիւն ունեցան: Առհասարակ, Հայաստանէն եւ  սփիւռքեան այլ համայնքերէն պետական պաշտօնեաններու` Պոսթըն կատարած այցելութիւններուն ժամանակ «Սայաթ-Նովա»-ն իր կատարումներով կը ներկայացնէ հայկական մշակոյթը»,-«Հայերն այսօրը»ին հետ զրոյցին ըսաւ պարախումբի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար Աբօ Ասճեան:

Աւելցնենք, որ «Սայաթ-Նովա» պարախումբը  Ուոթերթաուն քաղաքի հայկական Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հանդիսութիւններու սրահին մէջ մինչ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ժամանումը, երեք պարային համարներ  ներկայացուցած է հաւաքուածներուն:

Sayat-NovaS-N.

 

Scroll Up