Շարլ Ազնաւուրը Պիտի Մասնակցի «Աւրորա» Մրցանակաբաշխութեան

Ֆրանսահայ յայտնի երգիչ Շարլ Ազնաւուր Ապրիլին Հայաստան կը ժամանէ: «Արմէնփրէս»-ին հետ զրոյցին այս մասին տեղեկացուց Ազնաւուրի մամլոյ խօսնակ Քրիստինա Սարգսեան:
«Մենք կը պատրաստուինք Հայաստան ժամանել, եւ ներկայ պիտի ըլլանք «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան»,-տեղեկացուց ան:
Ազնաւուրի այցի մասին այլ մանրամասներ դեռ յայտնի չեն:
Նշանաւոր ֆրանսահայ երգիչ, երգահան, դերասան եւ հասարակական գործիչ Շարլ Ազնաւուր ծնած է 1924 թուականի Մայիս 22-ին Փարիզ: Բազմաթիւ յայտնի գործերու հեղինակ եւ կատարող է: Վաճառուած է Ազնաւուրի ստեղծագործութիւնները ամփոփող շուրջ 100 ﬕլիոն ձայնապնակ: 2009 թուականէն Ազնաւուր Հայաստանի դեսպանն է Զուիցերիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Ժնեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակին մէջ եւ այլ ﬕջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչը: