Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգ. Վարժարանի 30ամեակի Տօնակատարութիւն

 Օրենճ Քաունթիի Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգ. վարժարանի 30ամեակի տօնակատարութիւնը, վերջերս վերանորոգուած «Ղուկասեան» սրահին մէջ ի մի բերաւ վարժարանի հովանաւորները, ծնողները, շրջանաւարտները, անձնակազմն ու ուսուցիչները, որոնք, վարժարանի հիմնադիր ընտանիքին հետ, առաջնորդութեամբ տէր եւ տիկին Սթիւ եւ Սեդա Մինասեաններու՝ լուսարձակի տակ առին արձանագրուած իրագործումները։

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ծնողաուսուցչական մարմինի ատենապետ Ժպիտ Չինար, որմէ ետք Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան կատարեց օրհնութեան աղօթքը եւ փոխանցեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի պատգամը, որով ան կը դրուատէր վարժարանի հիմնադիրները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հովանաւորներն ու նուիրատուները եւ վարժարանի ծնողները, անձնակազմն ու ուսուցիչները, գլխաւորութեամբ՝ տնօրէն Գոհար Զահերի։

Ապա սրահին չորս կողմը տեղադրուած պաստառներուն վրայ տեղի ունեցաւ վարժարանի շրջանաւարտներու իրագործումներուն նուիրուած լուսանկարներու իւրայատուկ ցուցադրութիւն մը, որ միաժամանակ լուսարձակի տակ կ՛առնէ վարժարանին ջամբած որակաւոր դաստիարակութեան կարեւորութիւնը շրջանաւարտներու կեանքին մէջ։

Տօնակատարութեան գլխաւոր պատգամը փոխանցեց Մարգար Քարաթաս, որ երկար տարիներ հոգաբարձութեան հետ գործակցելով՝ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է վարժարանի ուսումնական որակը եւ անոր կառոյցները բարելաւելու աշխատանքներուն։ Ան դրուատեց Մինասեան ընտանիքին նուիրումը՝ վստահեցնելով, որ Կիրակոսի եւ անոր թորան՝ Արիի յիշատակը մի՛շտ վառ պիտի մնայ։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէն Գոհար Զահերի մատուցած անձնուէր սպասարկութեանց համար՝ յիշելով, որ ան այս տարեշրջանի աւարտին հանգստեան պիտի կոչուի։

Իր կարգին, տնօրէն Գոհար Զահեր երախտագիտութիւն յայտնեց վարժարանին վերելքը ապահովելու նպատակով տարուած համայնքային ջանքերուն առթիւ, ապա իր կարգին մեծարեց վարժարանի առաջին տնօրէնը՝ Լիլի Մրիկեանը։

Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք վարժարանի անձնակազմին եւ բոլոր ուսուցիչներուն, տնօրէն Զահեր մեծարեց առնուազն 10 տարի սպասարկած ուսուցիչներ Ասթիտ Աշքարեանը, Թալին Մեկրեանը, Թալին Արթինեանը եւ Անի Կելոյեանը։

(Քաղուած՝ Անի Սարգիսեանի թղթակցութենէն)

Ասպարէզ

Scroll Up