Կարճ Տեւողութեամբ Ժապաւէններու Մրցում` Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Երիտասարդներուն Համար

Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առիթով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը եւ Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկը կազմակերպած են «Հայրերի հող» խորագիրով կարճ տեւողութեամբ ժապաւէններու մրցում մը, որուն դիմում ներկայացնելու առիթ կայ տակաւին` մինչեւ 25 ապրիլ:

Այս մրցումին նպատակն է խթանել ժամանակակից հայ ֆիլմարուեստը, աջակցիլ երիտասարդ բեմագիրներուն եւ բեմադրիչներուն: Հայաստանի եւ սփիւռքի 18-28 տարեկան հեղինակները պէտք է ներկայացնեն նախապէս չհրապարակուած աշխատանքներ:

Առաջին հանգրուանին դատական կազմը պիտի ընտրէ լաւագոյն 7 բեմագրութիւնները: Այնուհետեւ հեղինակներէն իւրաքանչիւրին պիտի տրուի 350 հազար դրամ` Թատրոնի եւ շարժապատկերի հիմնարկին թեքնիք աջակցութեամբ 7-10 վայրկեան տեւող ժապաւէններ նկարահանելու համար:

Դատական կազմի անդամ Դաւիթ Մուրադեան ըսած է, որ «Հայրերի հող» խորագիրով ժապաւէններուն համար ժանրային սահմանափակում չկայ, միակ չափանիշը` գեղարուեստական արժէքն ու տաղանդն է:

«25 տարին արժեւորելու, անկախ հայրենիք ունենալու, գեղարուեստական ընկալումը արտացոլելու առիթը պիտի տանք երիտասարդներուն` մեր մտքին մէջ ունենալով այն համոզումը, որ կը յաջողինք նոր անուններ բացայայտել` առիթ տալու անոնց ստեղծագործելու եւ ինչո՛ւ չէ նաեւ հետագային շատ աւելի լուրջ գործեր ներկայացնելու եւ իրենց վաւերական հետքը ձգելու հայ շարժապատկերին վրայ», ըսած է  Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան:

Scroll Up