Ֆլորիտայի Հ.Օ.Մ.-ի Դրամահաւաքի Ձեռնարկը Ի Նպաստ Ստեփանակերտի Հ.Օ.Մ.-ի ՝՝Սօսէ՝՝ Մանկապարտէզին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/ARS4.jpg)
Պօքա Ռաթոն (Ֆլորիտա).-Մարտ 19, 2016-ին, Հայ Օգնութեան Միութեան Ֆլորիտայի ՝՝Սօսէ՝՝ մասնաճիւղը, Պօքա Ռաթոնի Սբ. Դաւիթ եկեղեցւոյ Մարտիկեան սրահին մէջ ունեցաւ դրամահաւաքի խնճոյք-հանդիսութիւն մը՝ ի նպաստ Ստեփանակերտի Հ.Օ.Մ.-ի ՝՝Սօսէ՝՝ մանկապարտէզի նորակառոյց շէնքին ամբողջացման ու կահաւորման։
Յիշատակելի երեկոյ մը եղաւ այս ձեռնարկը իր դրական, առատաձեռն ու խանդավառ մթնոթորտով, ու մանաւանդ՝ 245 ներկաներու մասնակից, բարձր տրամադրութեաբ զեղուն երիտասարդ-երիտասդուհիներով։
Սօսէ մասնաճիւղի ատենապետ՝ ընկհ. Մարի Անտոնեան վարեց օրուայ հանդիսավարի պաշտօնը՝ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն եւ դրուատելով անոնց անսակարկ աջակցութիւնը Հ.Օ.Մ.-ի ծրագիրներուն. ի մասնաւորի՝ Ստեփանակերտի նորակառոյց ՝՝Սօսէ՝՝ մանկապարտէզին։ Հայր Բարեն քահանայ Գալստեան իր աւուր պատշաճի օրհնութիւնը տուաւ քնճոյքի սեղաններուն շուրջ հաւաքուած հանդիսականներուն։ Երեկոյթին գեղարուեստական բաժինը վստահուած էր Գանատայէն հրաւիրուած Իլայ Պէրպէրեանին՝ որ երաժիշտներու իր խումբով բարձր պահեց արդէն իսկ խանդավառ մթնոլորտը հանդիսութեան ամբողջ տեւողութեան։
Յատուկ պատրաստուած տեսաներիզով ներկայացուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի Սօսէ Մանկապարտէզներու ծրագիրը, որուն սկիզբը դրուեցաւ 1998 թուին, Արցախի մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտի մէջ, հոգալու համար արցախեան պատերազմին մարտիրոսացած զինեալներու որբուկներուն դաստիարակչական եւ այլ կարիքները։. Այս ծրագիրը շուտով տարածուեցաւ նորանկախ Արցախի 12 զանազան շրջաններու մէջ։
Ստեփանակերտի շէնքը, կառուցուած 1954-ին, արդէն դարձած էր անբնակելի, իրողութիւն մը՝ որ կը ստիպէր Հ.Օ.Մ.-ը նորակառոյց, արդիական ու համապարբակ շէնքի մը անհրաժեշտութեան մասին մտածելու եւ ըստ այնմ գործի անցնելու։ Այս ծրագրին նախահաշիւը կը հասնէր $850,000-ի։ Հիմնարկէքի ծիսակատարումը տեղի ունեցաւ 2015 թուի հոկտեմբերին, կառուցումի ամբողջացման թուական ի մտի ունենալով 2017 թուի վերջաւորութիւնը։
Այս ծրագրի դրամահաւաքի յանձնախումբին ատենապետ՝ ընկհ. Անժէլ Մանուկեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց ծրագրին նպատակը, յառաջդիմութիւնը եւ յանձնախումբին ցարդ ի ձեռք բերած արդիւնքները, ներշնչումով ու զգացականօրէն դիմելով ներկաներուն շարունակելու իրենց աջակցութիւնը այս ապագայ սերունդներուն նուիրուած ծրագրին։ Մեծ յաջողութեամբ վերջացաւ օրուայ դրամահաւաքը՝ մի քանի առատաձեռն նուիրատւութիւններով ուռճացած։
Յիշատակելի երեկոյ մըն էր, հայաշունչ ու նուիրեալ տրամադրութիւններով նուիրաբերող հանդիսականներով լի, որոնց լիաբուռն աջակցութիւնը, անկասկածօրէ՛ն, պիտի սատարէ Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն համար լուսաւոր ապագայ մը կերտելու մեր համազգային ճիգերուն։
Այս մասին կը յայտնէ Հայրենիք: