Հայուհիին Պատրաստած Անակնկալ Ընթրիքը ՀՀ Նախագահին Համար
Երէկ երեկոյեան Ուոթերթաունի Սբ. Ճէյմս եկեղեցւոյ կից սրահը վերափոխուած էր վայելուչ ճաշարանի, ուր հիւրընկալուած էին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ 70 հիւրեր: Այս մասին, ըստ «Հայերն այսօր»-ի, կը գրէ Boston Globe-ը:
Ընթրիքի աւագ խոհարարը հայուհի Սեդա Տաքեսեանն էր` Պելմոնթ քաղաքին մէջ «Սեդայի սրճարան»-ի տիրուհին, իսկ հրուշակագործուհի Ճենիֆեր Մատենը` ընթրիքի անուշեղէնի պատասխանատուն: Պատուաւոր հիւրերուն համար ան հայկական փոքրիկ անուշեղէններ պատրաստած էր:
Հիւրերուն գրաւեցին յատկապէս Սեդա Տաքեսեանի պատրաստած փխրուն գլանակները` լեցուած քունջութի սերմերով, որուն բաղադրատոմսը Սեդան սորված է հանգուցեալ հօրմէ: Վերջինս 25 տարի Ուորչեսթեր քաղաքին մէջ հացաբուլկեղէնի խանութ ունեցած է:
Հարիւրաւոր մարդիկ կը սպասէին ՀՀ Նախագահի ելոյթին եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ, ուստի հայուհիի «անակնկալ ընթրիքը» պատրաստուեցաւ ու մատուցուեցաւ գերարագ տեմպով: «Ես կրցայ ընել այդ»,-ըսաւ հայուհին ընթրիքի աւարտին: