Հ.Հ. Նախագահ Սերժ Սարգսեան Այցելեց Պոստոնի Ռ.Ա.Կ. «Պայքար» Հաստատութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեանմեծարքոյ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան, Պոստոն իր պաշտօնական այցելութեան օրերուն, այցելեց Ուոթըրթաունի «Պայքար» Հաստատութիւնը:  Պարոն նախագահին շքախումբին կ’ընկերակցէին Սփիւռքի նախարար Տիկին Հրանուշ Յակոբեան, Կրթութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, Նախագահի աշխատկազմի գլխաւորղեկավար Վիգէն Սարգիսեան, ՀՀ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Գրիգոր Յովհաննէսեան, ՀՀ ՄԱԿի հաւատարամատար Զօհրապ Մնացականեան, Ամերիկայի Հայոց Առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ այլ բարձրաստիճան հիւրեր ու հայրենի եւ սփիւռքահայ զանգուածային լրատուամիջոցներու ու մամլոյ թղթակիցներ:

Հաստատութեան դարպասին առջեւ երկու հայ պատանիներ հայկական տարազներով ու աւանդական աղ ու հացով դիմաւորեցին նախագահն ու հիւրերը, այնուհետեւ ՌԱԿ Մամլոյ Դիւանի ատենապետ Յակոբ Վարդիվառեան առաջնորդեց նախագահը դէպի խմբագրատուն ու ապա՝ սրահ, ուր հաւաքուած էին հարիւրի մօտ պոստոնահայ ազգայիններ, բարերարներ, ՀԲԸՄի, Վարդանանց Ասպետներու, ԹՄՄի  եւ եկեղեցական ծխական մարմիններու պատասխանատուներ:  Ուրախալի երեւոյթ էր պատանիներու եւ երիտասարդներու հոծ ներկայութիւնը:  Ներկայ էին նաեւ «Պայքար» օրաթերթի եւ ռամկավար ազատական մամուլի երկարամեայ նախկին խմբագիր Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան ու ՌԱԿ Վերականգնումի Շարժումին համադրող Վարդան Նազիրեան (Լոս Անճելըսէն):

Յանուն ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան անդամ Գէորգ Մարաշլեան (Ուաշինկթընէն) խօսք առաւ ու բարի գալուստ մաղթեցնախագահին ու պատուիրակութեան մաս կազմող հիւրերուն այս աննախընթաց այցելութեան համար:  Այնուհետեւ խօսք առաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան (Մոնթրէալէն), որ անդրադարձաւ Ամերիկայի տարածքին ՌԱԿի առաքելութեան կարգ մը հիմնական ծրագիրներուն ու կատարած աշխատանքներուն, ընդգծելով անոր մամուլին կատարած գործին, քաղաքական աշխատանքներուն եւ հեռանկարներուն՝քայլ պահելուհայ նորագոյն կեանքին պահանջներուն:

 Յանուն ռամկավար ազատական մամուլին խօսք առաւ Յակոբ Վարդիվառեան (Նիւ Եորքէն), որ շեշտեց իր պատկանած կազմակերպութեան մնայուն ծառայութիւնները որքան գաղթահայութեան ու սփիւռքահայութեան, նոյնքա՛ն նաեւ Հայաստանի իրարայաջորդ առաջին, երկրորդ ու երրորդ հանրապետութիւններուն, հաւասարապէս պահելով ամուր կապը մայր հայրենիքի ժողովուրդին ու մտաւորականութեան, ինչպէս նաեւ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին հետ:  Մանաւա՛նդ Ցուրտ Պատերազմի ամենէն տխուր օրերուն «Պայքար» 110 ամեայ այս պատմական ու պատկառելի հաստատութեան վարիչները, որոնք մնացին հաւատարիմ իրենց ուխտին եւ հակառակ զանազան քաղաքական ճնշումներու պահեցին ամերիկահայութեան հայեացքը դէպի Հայաստան:  Այնուհետեւ, հայկական քոնեակով ան կենաց առաջարկեց խմել նախագահին համար արեւշատութիւն մաղթելով իրեն:

Պարոն նախագահը իր պատգամին մէջ կոչ ըրաւ ազգային կազմակերպութիւններու սերտ գործակցութեան եւ ազգապահպանման հիմնական հարցերուն՝ դիմակալելու գալիք տասնամեակներու մարտահրաւէրները  Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին:

ՌԱԿ «Տհը Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր» (ամերիկահայ առաջին անգլիագիր թերթին հիմնուած՝ 1932ին) խմբագիր Ալին Կրեկորեան եւ ԹՄՄ վարիչ քարտուղար Արամ Արքուն պարոն նախագահին յանձնեցին 1864 թուականի տպագիր աստուածաբանական մատեան հնատիպ գիրք մը, լոյս տեսած Կ. Պոլսոյ մէջ:  Անոնք նաեւ ցոյց տուին «Պայքար»ի եւ «Միրըր»ի առաջին տարուան կազմուած թերթին օրինակները:

Հակառակ իր ծանրաբեռնուած յայտագրին ան համեցաւ ՌԱԿի Ամերիկայի կեդրոնատեղիին մէջ եւ ունեցաւ սրտբաց զրոյց երիտասարդներուն, ինչպէս նաեւ՝ ՌԱԿ Վերականգնումի Յանձնախումբի անդամներուն գլխաւորութեամբ Վարդան Նազիրեանի հետ:

ՌԱԿ Մամլոյ Դիւան

ՌԱԿ1ՌԱԿ ՌԱԿ3

Scroll Up