Թեհրանի Հայկական Դպրոցներուն Մէջ Աշակերտներու Թիւի Նուազման Պատճառը Արտագաղթն Է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/թեհրան1.jpg)
Իրանի իշխանութիւնները ստեղծած են անհրաժեշտ պայմաններ հայկական համայնքի լիարժէք գործունէութեան համար: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին հետ զրոյցին նշեց Թեհրանի Հայոց թեﬕ թեմական խորհուրդի հանրային կապերու ղեկավար Գասպար Աﬕրխանեան:
«Իրանի իշխանութիւնները կը սատարեն, որ հայ համայնքը իր ազատ կեանքը ունենայ, որեւէ խոչընդոտ չըլլայ: Համայնքը ներքին կեանքին մէջ ազատ է, ﬔնք ունինք ակումբներ, դպրոցներ, եկեղեցիներ, կը նշենք ﬔր ազգային տօները: Անգամ իսլամական սուգի ամսիներուն, որ համընկած է ﬔր Ամանորին հետ, իշխանութիւնները թոյլատրած են ﬔր սրահներուն մէջ խնճոյքներ կազմակերպել: Այսինքն` որեւէ արգելք չկայ: Այդ առումով ﬔնք գոհ ենք Իրանի իշխանութիւններէն»,-ըսաւ Գասպար Աﬕրխանեան: Անոր խօսքով, ի հարկէ, խնդիրներ կան, սակայն ատոնք ընդհանուր համաիրանեան խնդիրներ են, չեն վերաբերիր հայկական համայնքին: Մասնաւորապէս, առկայ են սոցիալական խնդիրներ, արտագաղթ:
«Արտագաղթի պատճառով համայնքը կը նօսրանայ: Պատճառները տարբեր են, թերեւս սոցիալական է, թերեւս, երիտասարդութիւնը հեռանկար չի տեսներ: Բայց կրկին նկատեմ, որ ատոնք ընդհանուր երկրին բնորոշ խնդիրներ են»,-նշեց Գասպար Աﬕրխանեան:
Արտագաղթը իր ազդեցութիւնը կը ձգէ կրթական հասատատութիւններու գործունէութեան վրայ: Գասպար Աﬕրխանեան նշեց, որ ներկայիս Թեհրանի մէջ 12 հայկական դպրոց կը գործէ, ուր կը յաճախէ 3 հազար 500 աշակերտ: «ժամանակին բոլոր քաղաքամասերուն մէջ, դեռեւս 1950-ական թուականէն սկսած, դպրոցներ կառուցուեցան: Աﬔնաեռուն շրջանին` 1970-ականներուն, կը գործէր 36 հայկական դպրոց, ուր կը յաճախէր 14 հազար աշակերտ: Վերջին շրջանին կը նկատենք, որ աշակերտներու թիւը կը նուազի, անցեալին կար դպրոց, ուր 1200 աշակերտ կը յաճախէր, այսօր աշակերտներուն թիւը 200 է: Նուազման աﬔնաﬔծ խնդիրը արտագաղթն է:
Աշակերտութեան թիւի պակասումը նոր հրամայականի առջեւ պիտի կանգնեցնէ: Դպրոցները պէտք է միանան: Ատիկա, ի հարկէ, կը յուսալքէ, բայց ի պատիւ հայկական համայնքին, ամէն գինով ջանք կը գործադրուի, որ հայկական կրթօճախները նորօրեայ ﬔթոտներով զինուին, համայնքը համախմբուած ըլլայ»,-աւելցուց Գասպար Աﬕրխանեան: Թեհրանի հայկական դպրոցները գրականութեան, որակեալ ուսուցիչներու պակաս չունին: Գասպար Աﬕրխանեան նշեց, որ այդ տեսանկիւնէն իրենք տարիներու կուտակած փորձ ունին: Հիﬓական խնդիրը այնպէս ընելն է, որ գիտութիւնն ու կրթութիւնը երիտասարդութեան համար գրաւիչ ուժ ըլլայ:
Գասպար Աﬕրխանեան կարեւոր համարեց նաեւ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան աշխուժացումը: Անոր խօսքով, անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի կառավարման տարբեր օղակներու մէջ ներգրաւուին նաեւ Սփիւռքի ներկայացուցիչներ: