Հայ Արուեստ. Անցեալի Նուաճումներ Եւ Ներկայի Իրագործումներ

Կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան, երէկ, չորեքշաբթի, 30 մարտ 2016-ին տեղի ունեցաւ հայկական գորգարուեստի եւ պղնձագործութեան նուիրուած ձեռնարկ մը, Թէքէեան կեդրոնին մէջ, Ժմմէյզէ:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Թէքէեան մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան ատենապետ տոքթ. Վիգէն Ասիլեան, որ նորընտիր վարչութեան կողմէ ողջունեց ներկաները: Տոքթ. Ասիլեան մէջբերելով Խորենացիի խօսքերը, ըսաւ. «Թէեւ մենք փոքր պարտէզ մըն ենք, եւ թիւով ալ քիչ ու բազմաթիւ անգամներ ալ օտար պետութիւններէ գրաւուած, այդուհանդերձ, ունինք քաջագործութիւններ, որոնք արժանի են յիշատակուելու»: Ան աւելցուց, որ նոյնն է պարագան այսօր եւ, հակառակ բոլոր մեծ տէրութեանց գործած նուաճումներուն եւ իրագործումներուն, հայն ալ ունի իր իւրայատուկ իրագործումներն ու նուաճումները, որոնք իրենց կարգին պէտք է յիշուին հանրութեան կողմէ: Տոքթ. Ասիլեան` մեկնելով Խորենացիի խօսքերէն, ըսաւ, որ պէտք է խուսափիլ ստորակայութեան բարդոյթէն: Ապա ատենապետը ամփոփ կերպով ներկայացուց օրուան արուեստագէտները:

Hay-Arvesd_33016

Բացման խօսքէն ետք բեմ բարձրացաւ արուեստագէտ Գէորգ Խաչերեան, որ իր խօսքին մէջ ամփոփ կերպով ներկայացուց իր արձանագրած նուաճումներն ու կատարած հմտութիւնները: Խաչերեան իր ձիրքը ժառանգած է իր մեծ հօրմէն, որ ծնած է Պոլիս, ապա քաղաքական ճնշումներու պատճառով փոխադրուած է Պէյրութ: Գէորգ Խաչերեան իր ստեղծագործութեան առաջին հետքերը ձգած է ոսկերչութեան մէջ, ապա սահմանափակ տեսնելով այդ մարզը, նուիրուած է պղնձագործութեան եւ համբաւ շահած է տարբեր երկիրներու մէջ:

Գէորգ Խաչերեանի ներկայացումէն ետք բեմ բարձրացաւ հին գորգերու եւ քուրջերու մասնագէտ Աւետիս Գոյունեան, որ իր կարգին հակիրճ ներկայացումով մը սալիկներու միջոցով ներկայացուց պատմական մեծ արժէք ունեցող կարգ մը գորգեր, որոնք կը վայելեն հայկական տարբեր շրջաններու մտածելակերպի եւ ճաշակի ազդեցութիւնները: Ան հին գորգերու եւ քուրջերու նորոգութեան մէջ հասած է բարձր վարպետութեան եւ արժանացած է միջազգային ճանաչումի:

Ներկայացումներէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը` մասնակցութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան «Պիկ պենկ» համոյթի անդամներուն:

Ձեռնարկին աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ նախկին երեսփոխան եւ ԹՄՄ-ի հիմնադիրներու մարմինի ատենապետ Յակոբ Գասարճեան, որ յուշանուէրներ յանձնեց արուեստագէտներուն: Ապա ներկաները առիթ ունեցան դիտելու պարգեւատրեալներուն գործերը:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up