Լոս Անճելըսի Քաղաքապետարանը Հռչակագիր Հրապարակեց Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100ամեակին Առթիւ

Լոս Անճելըսի քաղաքապետութիւնը, բարձր գնահատելով Մուսա լերան աւելի քան 40 օրերու մարտերուն մասնակցած մուսալեռցի հերոս կիներն ու այրերը՝ Երեքշաբթի, 29 Մարտի իր ժողովին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով եւ առ ի յարգանք անոնց յիշատակին՝ յատուկ հռչակագիր մը յանձնեց Քալիֆորնիոյ Մուսա Լեռ հայրենակցական միութեան:

Հռչակագիրի յանձնումի արարողութեան ներկայ գտնուեցան Արեւմտեան ԱՄՆի զոյգ թեմերէն հոգեւոր հայրեր՝ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիւանեան եւ Խաչիկ սրկ. Շաննագեան, Քալիֆորնիոյ Մուսա Լեռ հայրենակցական միութեան վարչութեան կազմը, մուսալեռցիներ՝ Պըրպենքի ոստիկանական յանձնաժողովի անդամ Յակոբ Հերկելեան, դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան եւ «Ասպարէզ» օրաթերթի աշխատակից Մարօ Քէշիշեան:

Որոշուած ժամուն խօսք առնելով՝ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան անդրադարձաւ թուրք պետութեան հրամանով՝ պատմական Հայաստանի գիւղերու պարպումին, հայ ժողովուրդի տեղահանման, ջարդին ու անապատներու ընդմէջէն դէպի մահ առաջնորդուելուն: Ապա կեդրոնացաւ Մուսա լերան հերոս ժողովուրդի արիութեան վրայ, որ կրցաւ Ո՛Չ ըսել թուրքին եւ աւելի քան քառասուն օրեր քաջաբար դիմադրեց, մինչեւ ֆրանսացիներու օգնութեան հասնիլն ու ապահով վայր տեղափոխուիլը:

Գրիգորեան չմոռցաւ նաեւ յիշեցնել, թէ այս իրողութիւնը մեծապէս տպաւորած էր աւստրիացի վիպագիր Ֆրանս Վերֆելը, որ աւելի ուշ գրեց իր նշանաւոր «Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը» վէպը, որ 1930ականներուն միջազգային գետնի վրայ մեծ ընդունելութիւն եւ սպառում ունեցաւ:

Պատմական կարեւոր այլ իրողութիւններ մատնանշելէ ետք, Գրիգորեան ընդգծեց. «Ուրախ եմ, որ այսօր կ՛ոգեկոչեմ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը: Գոհ եմ նաեւ, որ զայն կ՛ոգեկոչեմ Մուսա լերան հերոս ժողովուրդի ժառանգորդներ՝ Մուսա Լեռ հայրենակցական միութեան ներկայացուցիչներուն հետ. այն կազմակերպութեան, որ կը պահպանէ իր ժողովուրդի աւանդութիւնները, մշակոյթն ու պատմութիւնը»:

Տպաւորիչ իր ելոյթէն ետք Գրիգորեան, առ ի գնահատանք մուսալեռցի ժողովուրդի քաջարի կեցուածքին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի բոլոր անդամներուն անունով եւ անոնց ստորագրութիւնը կրող հռչակագիր մը յանձնեց գնահատուող միութեան ներկայացուցիչներ Յակոբ Հերկելեանին եւ դոկտ. Վահրամ Շէմմասեանին, արժանանալով ներկաներու գնահատական ծափողջոյններուն:

0331mosaler1 Այնուհետեւ, Մուսա Լեռ հայրենակցական միութեան անունով երախտագիտական ելոյթ ունեցաւ դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան ու յատկապէս քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանին, որոնք գնահատեցին Մուսա լերան ժողովուրդի քաջարի դիմադրութիւնը՝ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին: Ապա անդրադառնալով Մուսա լերան աշխարհագրական դիրքին ու հակիրճ պատմականին, մուսատաղի ժողովուրդի 40 օրերու քաջարի ընդդիմութեան եւ ֆրանսական ռազմանաւով դէպի Եգիպտոս փոխադրութեան։ Շէմմասեան վս-տահեցուց, որ այդ պատմութիւնը մոռացութեան կրնար մատնուիլ, եթէ Ֆրանս Վերֆել չգրէր իր «Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը» անմահ վէպը:

Պատմական այլ կարեւոր իրողութիւններ մատնանշելէ ետք, դոկտ. Շէմմասեան կեդրոնացաւ Մուսա լերան հերոսամարտէն քաղուած կարգ մը կարեւոր դասերու վրայ՝ յատկապէս մատնանշելով հետեւեալները.

Որքա՛ն ալ քանդիչ ըլլայ չարը, անիկա պարտելի՛ է:

Հերոսութիւնը պարզ զգացում մը չէ, անիկա իրակա՛ն է եւ պէտք է իբրեւ օրինակ ծառայէ մարդկային արժանապատուութեան պահպանման:

Ինքնավստահութեան շնորհիւ, ժողովուրդներ կրնան իրենց ճակատագիրը որոշել:

Հզօրութիւնը միշտ ալ ճշմարիտ կամ յաղթական չէ. մարդկային իրաւունքները, որքա՛ն ալ ճնշուին ու նախատուին, պարտութեան կրնան մատնել զուտ նիւթապաշտ ուժը:

Ճշմարտութիւնը մի՛շտ կը բացայայտուի, հակառակ բոլոր ուրացումներուն:

Ցեղասպանական դէպքերու հանդէպ կիրարկուող երկակի չափանիշները սերմեր կը ցանեն հետագայ նոր ցեղասպանութեանց եւ ուրեմն՝ պէտք է ամբողջովին մերժուին։

Պատմութեան ուսուցումը անհրաժեշտութիւն է, որուն շնորհիւ մարդիկ ոչ միայն առաւել կը գիտակցին իրենց անցեալին, այլ նաեւ՝ իրենց ներկային: Այս գիտակցութիւնը մեզի աւելի արթուն եւ իրապաշտ կը պահէ ապագայ աղէտներու նկատմամբ:

Գեղեցիկ ու հպարտալի այս արարողութենէն ետք, ներկայ մուսալեռցիները խմբանկար մը առնելէ եւ հերթաբար իրենց երախտագիտութինը յայտնելէ ետք Փօլ Գրիգորեանին, գոհունակութեամբ հեռացան քաղաքապետարանէն՝ առաւել գօտեպնդուած ու հպարտ։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up