Արցախցու Ձեռքին Ոչ Միայն Հայրենիքի Պաշտպանութեանն Ուղղուած Զէնքն Է, Այլեւ Հողի Հետ Աշխատող Բահը. ԼՂՀ Փոխվարչապետ

Հայերն այսօրի փոխանցմամբ` ԼՂՀ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ կը գրէ.

«Ապրիլի 2-ին Երեւանի քաղաքապետարանում իր դռներն է բացում «Արցախի բարիքներ» ցուցահանդէս-վաճառքը: Կոչ եմ անում բոլոր երեւանաբնակ իմ հայրենակիցներին մասնակից դառնալ արցախցու խնամքով պատաստուած բարիքների այս ցուցահանդէսին` այդպիսով նպաստելով Արցախի արտադրանքի եւ արդիւնաբերութեան զարգացմանը ու տարածմանը: Արցախցու ձեռքին ոչ միայն հայրենիքի պաշտպանութեանն ուղղուած զէնքն է, այլեւ հողի հետ աշխատող բահը»:

Աւելցնենք, որ հայերն այսօրը նախապէս տեղեկացուցած էր, որ Ապրիլ 2-ին Երեւանի քաղաքապետարանի ճեմասրահին մէջ պիտի կայանայ «Արցախեան բարիքներ» ցուցահանդէսը: Ցուցահանդէսին ներկայացուած պիտի ըլլան Արցախի արդիւնաբերողներու ապրանքատեսականին:

Scroll Up