Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները. Սմբատ Տէրունեան

Սմբատ Տէվլեթեան ծնած է Յունաստանի Լիզպոս կղզին 1923ին, Թուրքիայէն գաղթած ու հոն ապաստանած ծնողներէ։  Նախնական ուսումը մինչեւ չորրորդ դասարան ստացած է Գաւալա քաղաքի յունական վարժարանի մէջ։  Այնուհետեւ հինգերորդ եւ չորրորդ դասարաններուն համար յաճախած է Գաւալայի Ազգային վարժարանը ու յետոյ մեկնած` Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, զոր աւարտած է 1942ին։ 

Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Անգլիոյ մէջ։  Փաստաբանական յատուկ Council of Legal Education-ի բոլոր քննութիւնները անցընելէ ետք, ստացած է Barrister-at-Law-ի տիտղոսը։  Անկէ անջատ, աւարտած է նաեւ Լոնտոնի Համալսարանի իրաւագիտութեան բաժինը։

Ասպարէզով փաստաբան է ու կը բնակի Կիպրոս, ուր 1956էն ի վեր կը կիրարկէ իր մասնագիտութիւնը։  Անձնական հետաքրքրութեամբ, սակայն գրող է։  Փաստաբանութիւնը ընտրած է որպէսզի նիւթապէս անկախ դառնայ անհատական գետնի վրայ, իսկ համայնքային-ազգային կամ այլ աշխատանքներու կապակցութեամբ ունի իր անկախ դիրքաւորումը մի´շտ ընթանալով ռամկավար ազատական մտածողութեամբ եւ ուղեգիծով։

Գործօն բաժին ստանձնած է կիպրահայ համայնքի կեանքին բոլոր երեսներուն մէջ մինչեւ 1986 թուականը։  Այդ իմաստով եղած է նաեւ Կիպրահայ Վարժարաններու Հոգաբարձութեան ատենապետ շուրջ տասնամեակ մը։  Իսկ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Հոգաբարձութեան անդամ եղած է մօտ 25 տարի շարունակաբար մինչեւ 1986։

 Որպէս հրաւիրեալ` մասնակցած է Հայաստանի Գրողներու Բ. եւ Ը. համագումարներուն, Երեւան։

Ամուր կերպով պահած է հայրենասիրական ուղին կղզիէն ներս, Խորհրդային Հայաստանի բովանդակ տարիներուն։  Ղեկավարներէն եղած է Նիկոսիոյ ՌԱԿ Վահան Թէքէեան Ակումբին։

Տէրունեան գրչանունով ծանօթ Սմբատը հրատարակած է հետեւեալ գործերը` «Մինչեւ վերադարձ» (Կիպրո, 1946), «Լսէ´ տղաս» (Կիպրոս, 1948), «Յամեցող այգաբաց» (Պէյրութ, 1959), Ճառագայթ ու մշուշ» (Պէյրութ, 1968)- «Տարագիր տաղեր» (Երեւան, 1981) եւ նոյնը` (Պէյրութ, 1996)։

Աշխատակցած է ռամկավար ազատական մամուլին եւ յատկապէս` «Զարթօնք»ին ու «Շիրակ» գրական հանդէսին։

Ամուսնացած է 1942ին Թագուհի Պչաքճեանի հետ (1924-Օգոստոս 13, 2013) դարձեալ մելգոնեանցի ու հայրը` ՌԱԿի ղեկավարներէն` Ասատուր Տէվլեթեանի, ան եւս մելգոնեանցի։  Թագուհին եղած է ուսուցիչ եւ Կիպրոսի Արենուշական շարժումի վարիչներէն օգտակար ըլլալով Մելգոնեանի արենուշական խումբին։  Թագուհի 2007ին հրատարակած է իր ինքնակենսագրութիւնը` «Ողջոյն կեանք»։

Կը մահանայ յառաջացած տարիքին, Նիկոսիոյ մէջ Մարտ 24, 2016ին:

Յակոբ Վարդիվառեան

Scroll Up