ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Պարգեւներու Յանձնում` Պուլկարիոյ ՄԷջ

Պուլկարիոյ ՀՀ դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պարգեւներու յանձնման արարողութիւն `հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնէ Պուլկարիոյ մէջ ՀՀ հիւպատոս Նելլի Մաթեւոսեան:
Մինչ արարողութեան անցնիլը, կայացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի տեղական յանձնաժողովի նիստը` օրակարգին մէջ ունենալով փոփոխութիւններ անուանացանկին մէջ, 2015 թուականի ծրագիրներու ամփոփում եւ 2016-ի ծրագիրներու քննարկում:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Ոսկէ», «Կոմիտաս» եւ «Նուպար փաշա» մետալներ յանձնուեցան համապատասխանաբար` Կարօ Մարտիրոսեանին, Հայկաշոտ Աղասեանին եւ Տիրուհի Պարտիզպանեանին: Սփիւռքի նախարարի շնորհակալագիրները յանձնուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող Պուլկարիոյ յանձնաժողովի բոլոր անդամներուն:
Ձեռնարկը աւարտեց փոքրիկ հիւրասիրութեամբ, որմով հայ համայնքի ներկայացուցիչները հրաժեշտ տուին դեսպան Արսէն Սհոյեանին` վերջինիս դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտելու կապակցութեամբ:
Ձեռնարկը անցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ: