Միջազգային Գիտաժողով Արցախի ՄԷջ

Ստեփանակերտի «Մեսրոպ Մաշտոց» համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է Ուսանողներու եւ երիտասարդ գիտնականներու միջազգային գիտաժողով` «Հայաստանը եւ Կովկասեան տարածաշրջանի հիմնախնդիրները» խորագիրով:
aparaj.am-ի փոխանցմամբ` գիտա
ժողովը կազմակերպուած է Ս. Եու. Վիտտէի անուան Մոսկովեան համալսարանի Տոնի Ռոստովի մասնաճուղի եւ Մեսրոպ Մաշտոց Համալսարանի Ոսանողական գիտական ընկերութեան կողմէ: Այն նուիրուած էր հայկական պետականութեան վերականգնման 25-ամեակին եւ Մեսրոպ Մաշտոց Համալսարանի ՈՒԳԸ-ի գործնէութեան 5-րդ ամեակին:
Բացման խօսքով հանդէս եկած են ՄՄՀ գիտական, ուսումնական աշխատանքներու եւ արտաքին կապերու գիծով փոխ տնօրէն փ.գ.թ. ՄՄՀ փրոֆէսոր Ղ. Մ. Բաբայեան, ՄՄՀ ՈՒԳԸ նախագահ, պատմութեան ամպիոնի դասախօս Հ.Ս. Աւանէսով:
Գիտաժողովի հանդիսաւոր բացման ժամանակ մասնակիցներուն կողմէ կազմուած է ցաւակցական հեռագիր Տոնի Ռոստովի օդակայանին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական պատահարին կապակցութեամբ: Լիագումար նիստին ընթերցուած է միջազգային գիտաժողովի մասնակիցներուն ուղղուած Ս. Եու. Վիտտէի անուան Մոսկովեան համալսարանի Տոնի Ռոստովի մասնաճուղի ղեկավարութեան ուղերձը, այնուհետեւ զեկուցումներով հանդէս եկած են ԵՊՀ քաղաքագիտութեան մագիստրոս Գոհար Սահակեան` «Հարաւային Կովկասին մէջ տարածաշրջանային անվտանգութեան հեռանկարները», ՄՄՀ պատմութեան ամպիոնի դասախօս Հ.Ս. Աւանէսով` «Աշխարհաքաղաքական արդի իրավիճակը եւ Կովկասեան տարածաշրջանի հիմնախնդիրները» թեմաներով:
Մասնախումբերու մէջ հանդէս եկած են 72 ուսանողներ, երիտասարդ գիտնական դասախօսներ, մագիստրանտներ ու ասպերանտներ` Հայաստանի, Արցախի, Ռուսաստանի եւ Պելառուսի յառաջատար ուսումնական ու գիտահետազօտական հասատութիւններէն: Մասնաւորապէս` Պելառուսէն 1 մասնակից, Հայաստանէն` 9, Արցախէն` 45, Ռուսաստանի Դաշնութենէն` 17 :
Գիտաժողովի ծիրէն ներս ՄՄՀ ՈՒԳԸ-ի եւ ՄՄՀ գրադարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է հայկական պետականութեան վերականգնման վերաբերող գիրքերու եւ փաստաթուղթերու ցուցահանդէս:
Գիտաժողովի եզրափակիչ նիստին մասնակիցներուն տրուած են հաւաստագիրներ: