Մարիա Մեհրանեան՝ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանի Նախագահ

Վերջերս Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի նախագահ ընտրուած է Մարիա Մեհրանեան, որ պիտի փոխարինէ Անդրանիկ Պաղտասարեանը։
Մարիա Մեհրանեան ելեւմտական հարցերու գլխաւոր պաշտօնատարն է ճարտարագիտական եւ շինարարական «Քորտոպա» ընկերութեան։ Ան նաեւ 2008էն ի վեր Լոս Անճելըսի ջուրի որակը հսկող մարմինին անդամ է, իսկ 2012ին ու 2014ին եղած է անոր ատենապետուհին: Քաղաքացիական ծրագրումի ճիւղին մէջ ան իր մագիստրոսի տիտղոսը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն:
Նշենք, որ 2004-2008 տարիներուն եւս, Մարիա Մեհրանեան եղած է Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի նախագահը, իսկ 2007ին յատուկ մեծարման արժանացած է Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ։ Ան նաեւ արժանացած է «Էլիս Այլընտ» շքանշանին։
Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր վարիչ Արա Վարդանեան եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան դրուատած են Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման գործին մէջ Անդրանիկ Պաղտասարեանի մատուցած սպասարկութիւնները՝ միաժամանակ յաջողութիւն մաղթելով նորանշանակ նախագահին։
Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի վարչութեան մաս կը կազմեն Ամերիկայի Հայկական համագումարին, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան, Միացեալ Նահանգներու Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր միութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան, Նոր Սերունդ մշակութային միութեան, Նոր Օր մարդասիրական հիմնարկին, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմերու ներկայացուցիչները։