Հայ Դատի ԱՄՆ Յանձնախումբը Ողջունած է Հաուայ Նահանգին Կողմէ Արցախի Անկախութեան Ճանաչումը

ԱՄՆ Հաուայ նահանգի Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւի ﬕաձայն ընդունումով ընդգծուեցաւ Արցախի շարունակական ջանքերը` զարգանալու իբրեւ ազատ եւ անկախ ժողովուրդ: Միաժամանակ բանաձեւը կոչ կ՝ուղղէ ﬕջազգային հանրութեան ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը, իբրեւ անկախ, ազատ եւ ինքնիշխան ժողովրդավարութիւն:
Հայ Դատի ԱՄՆ յանձնախումբը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն հետաքրքրական փաստին վրայ, որ ի հեճուկս Ատրպէյճանի դեսպանութեան կողմէն գործադրուած ճնշման, բանաձեւի քուէարկութիւնն ու ընդունումը տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Ուաշինկթըն կատարելիք այցէն 24 ժամ առաջ:
«Այսօր Հաուայ նահանգի ժողովուրդը կանգնեց Արցախի ժողովուրդի անկախութեան եւ ազատութեան կողքին` ամուր դիրք ընդունելով ընդդէմ այն ուժեղ լոպպիստական աշխատանքին, որ նպատակ ունէր ոտնահարել ժողովրդավարութեան եւ ինքնիշխանութեան աﬔրիկեան ու հայկական հիﬓարար սկզբունքները: Սրտանց երախտագիտութիւն կը յայտնենք ներկայացուցիչներ Անկուս Մըքքելուիին եւ Ճոն Միզունոյին` այս ջանքերը գլխաւորելու, ինչպէս նաեւ ամբողջ Ներկայացուցիչներու պալատին` նման դիրքորոշում ընդունելու համար»,- նշած է Հայ Դատի ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Էլեն Ասատրեանը: ԱՄՆ-ի մէջ ԼՂՀ ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը եւս ողջունած է բանաձեւի ընդունումը` իր երախտիքի խօսքը յայտնելով Ներկայացուցիչներու պալատին ու բոլոր անոնց, որոնց ջանքերով հնարաւոր եղած է հասնել Հաուայ նահանգին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման:
«Այս ամէնը աւելի կը զօրացնէ արցախցիներուն վստահութիւնը առ այն, որ ﬔր բոլոր նուաճուﬓերը իզուր չեն, որ ազատ ու անկախ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ի վերջոյ իբրեւ այդպիսին պիտի ճանչցուի ժողովուրդներու ամբողջ քաղաքակիրթ հասարակութիւններուն կողմէ»,- ըսած է Աւետիսեանը: ԱՄՆ Հաուայ նահանգի Ներկայացուցիչներու պալատը պաշտօնապէս ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող 167 բանաձեւը: