Քոնկրեսական Շիֆ Եւ Զօր. Ուիլաք «Փիլիպոս» Կ՛այցելեն

Մարտ 10ին, հանգստեան կոչուած անջրպետագնաց զօր. Տակլըս Ուիլաք այցելած է Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան, վարժարանի 9րդ դասարանի աշակերտ Արեն Մելքոնեանի նախաձեռնութեամբ։

Արդարեւ, Արեն իմացած էր, թէ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի գրասենեակը տարին անգամ մը կը դասաւորէ անջրպետագնացի այցելութիւնը՝ իր ընտրաշրջանի վարժարաններէն մէկը, ուստի դիմած էր քոնկրեսականին, որ այս տարի այդ պատիւը շնորհէ «Փիլիպոս»ին։

Զօր. Ուիլաք երկու առիթներով անջրպետ մեկնած է եւ 178 օր մնացած անջրպետակայանին մէջ։ Շիֆի հետ վարժարան ժամանելով՝ ան 3-8րդ դասարաններու աշակերտներուն բացատրութիւններ տուած է անջրպետագնացութեան ծալքերուն մասին, ապա յորդորած է աշակերտները չյուսահատիլ եւ իրենց երազներն ու նպատակները իրականացնել։ Ուիլաք նաեւ աշակերտներուն հետ բաժնած է իր պատանեկան յուշերը։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up