Այնճարի Երեք Յարանուանութիւնները Նշեցին Ս. Յարութեան Տօնը

Կիրակի 27 Մարտ 2016-ին, Այնճարի 3 յարանուանութիւններու եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան Տօնը: Այս մասին կը յայտնէ mousaleranjar.com կայք-էջը:

Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ անմահ պատարագ,հանդիսապետութեամբ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Արտակ Վրդ. Արապեանի եւ ներկայութեամբ Տէր Նարեկ Աւագ Քհնյ. Շիրիքեանի, Տէր Աշոտ Աւագ Քհնյ. Գարագաշեանի, ՏէրԱրսէն Աւագ Քհնյ. Քէշիշեանի եւ Տէր Միւռոն Աւետիսեանի:

Ս. Պատարագի աւարտին  «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Զատկուայաւանդական հաւկթամարտ եւ հիւրասիրութիւն, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ տիկնանցմիութեան:

 Այնճարի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան փոխանցեց Ս.Յարութեան պատգամը՝ որմէ ետք ներկաները ուղղուեցան «Ջանից» Սրահ, ուր տեղի ունեցաւ հաւկթամարտ եւ հիւրասիրութիւն կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան:

Այնճարի Հայ Կաթողիկէ «Ս. Աստուածածնայ Տիրամայր» եկեղեցւոյ մէջ Հայր Մեսրոպ Վրդ.Թօփալեան գլխաւորեց եկեղեցական արարողութիւնը:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, «Աղաճանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւկթամարտ՝ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան:

Scroll Up