Մեկնարկած Են Դպրոցականներու 3-րդ Համահայկական Մրցոյթի Նախապատրաստական Աշխատանքները

Մեկնարկած են դպրոցականներու 3-րդ համահայկական մրցոյթի նախապատրաստական աշխատանքները: ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը այս տարուան Յուլիս 18-24-ին կը կազմակերպէ դպրոցականներու երրորդ համահայկական մրցոյթը` «Ֆիզիքա», «Մաթեմաթիքա» եւ «Հայաստանի աշխարհագրութիւն» առարկաներէն: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութենէն:

Մրցոյթի նպատակն է` ազգային հենքի վրայ համախմբել հայ երիտասարդները, ներգրաւել հայերէնին չտիրապետող երիտասարդներուն համար  իրականացուող ծրագիրներուն մէջ, խրախուսել բնագիտական առարկաներու հանդէպ հետաքրքրութիւնը, ինչպէս նաեւ օժանդակել առողջ մրցակցութեան պայմաններու մէջ գիտելիքներու ու ստեղծագործական կարողութիւններու դրսեւորման, նպաստել առաւել շնորհալի երիտասարդներու յայտնաբերման Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ:

Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ 14-18 տարեկան պատանիներ եւ երիտասարդներ: Մրցոյթները պիտի իրականացուին  երկու տարիքային խումբերու համար` 14-15 եւ 16-18: Մասնակիցները կրնան ըլլալ հայերէն ուսուցմամբ վարժարաններու եւ կրթօճախներու (ներառեալ` միօրեայ) սաները, ինչպէս նաեւ այլ դպրոցներ յաճախող հայ պատանիներ:

 

Scroll Up