Աւագ Հինգշաբթին Այնճարի Մէջ

Հինգշաբթի 24 Մարտ 2016-ին, Այնճարի երեք եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցան տարբեր եկեղեցական արարողութիւններ համաձան հայկական եւ համայնքային աւանդութիւններուն եւ օրէնքներուն:
Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ Տէր Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեան Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, կատարեց ոտնլուայի արարողութիւնը: Ան 12 աշակերտներու ոտքերը լուալէ ետք, ընդառաջելով ներկայ հաւատացեալներու փափաքին լուաց նաեւ խորան ներկայացող մանուկներուն ոտքերը:

Այնճարի Հայ Կաթողիկէ «Ս. Աստուածածնայ Տիրամայր» եկեղեցւոյ մէջ Հայր Մեսրոպ Վրդ. Թօփալեան մատուցեց Ս. Հաղորդութիւն եւ լուաց 12 երեխաներու ոտքերը:

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին՝ Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունցաւ եկեղեցական պաշտամունք առաջնորդութեամբ Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանի, որմէ ետք Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան հրաւիրեց ներկայ հաւատացեալները ստանալու Ս. Հաղորդութիւն:
Նոյն օրը երեկոյեան, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եւ «Ս. Աստուածածնայ Տիրամայր» եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն:

Այս մասին կը յայտնէ Մուսալեռ-Այնճար  ֆէյսպուքեան էջը:
Scroll Up