«Ալեանս» Եւ «Մերիտիան» ԱՏԳ-ներու Ներդրումներու Ծաւալը 101,2 Մլն ԱՄՆ Տոլար Պիտի Ըլլայ

Մարտ 24-ին տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, գործադիրի որոշմամբ «Բագեզեան» ՍՊԸ-ին տրուած է «Մերիտիան» ազատ տնտեսական գօտիի շահագործողի թոյլտւութիւն: Ըստ հիմնաւորման` «Մերիտիան» ազատ տնտեսական գօտիին մէջ շահագործողներու գործունէութիւնը հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ ներգրաւել ներդրումներ, խթանել արտահանման ծաւալի աճը ոսկերչական, ակնագործական եւ ժամագործական ոլորտի միջազգային ընկերութիւններու ներգրաւման միջոցով, ստեղծել նոր աշխատատեղեր եւ նպաստել կայուն տնտեսական զարգացման, ինչպէս նաեւ նպաստել տուեալ հատուածին մէջ հայկական ապրանքանիշի ճանաչման ու տարածման:

Տնտեսութեան  նախարար Արծուիկ Մինասեան վարչապետին մանրամասներ  ներկայացուցած է ազատ տնտեսական գօտիներու գործունէութեան վերաբերեալ. «Այս պահի դրութեամբ երկու ազատ տնտեսական գօտիներում` «Ալեանս»-ում եւ «Մերիտիան»-ում, ընդհանուր առմամբ կան շահագործող 10 կազմակերպութիւններ, որոնց ներդրումների ծաւալը 101,2 մլն ԱՄՆ տոլար է լինելու եւ ստեղծուելու է շուրջ 450 աշխատատեղ»:

 

Scroll Up