Դաս-Ձեռնարկ Նուիրուած Գրիգոր Խանջեանի 90-Ամեակին
Սիւնիքի մարզի Կապանի թիւ 13 հիմնական դպրոցի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Անահիտ Արզումանեան Մարտ18-ին 6-րդ դասարանին մէջ իրականացուց դաս-ձեռնարկ` նուիրուած հայ տաղանդաւոր նկարիչ Գրիգոր Խանջեանի 90-ամեակին: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնեն դպրոցէն:
Ձեռնարկին ժամանակ աշակերտները կենսագրական մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդեցին նկարիչին մասին, պատմեցին յուշեր, նշեցին ասոյթներ, խօսեցան գծանկարչական ձեւաւորումներու, գորգանկարներու, նկարազարդումներու մասին, ծանօթացան հայ կերպարուեստի նշանաւոր դէմքերուն, աշխարհահռչակ նկարիչներու գործերուն, աշխարհի նշանաւոր պատկերասրահներուն… Աշակերտները զարմանահրաշ ճամփորդութիւն կատարեցին դէպի արուեստի կախարդական աշխարհ:
Ձեռնարկի իրականացման հիմնական նպատակներն էին աշակերտներուն մէջ սերմանել հայրենասիրութիւն, հայապահպանութիւն, գեղագիտական արժեհամակարգ: Աշակերտները եկան այն համոզման, որ Խանջեան–նկարիչը աշխարհին կը նայի որպէս հայ նկարիչ, նաեւ համոզուեցան, որ կեանքը կարճատեւ է, իսկ արուեստը` յաւերժական:
Աւելցնենք, որ դաս-ձեռնարկը իրականացուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» ծրագիրի ծիրէն ներս: