«Սիփան» Շաբաթօրեայի Սաները Մեկնեցան Ս. Զատկուան Արձակուրդի

ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոցը սկսաւ իր Ս. Զատկուան արձակուրդին, ուրախ եւ գարնանային ջերմ մթնոլորտի մէջ: Արդարեւ, Մարտ 19ին, շաբաթօրեայի աշակերտները յաճախեցին վարժարան, ուր առիթը ունեցան միասնաբար արտասովոր օր մը ապրելու՝ իրենց դասագիրքերէն հեռու:
Նախ, անոնք ուղղուեցան Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր ստացան Ս. հաղորդութիւն, լսեցին Ս. Զատկուան խորհուրդն ու տէր հօր պատգամը։
Ապա ուղղուեցան իրենց դասարանները, ուր առիթը ունեցան գունաւորելու իրենց հետ բերած հաւկիթները, կատարեցին ձեռային աշխատանքներ, երգի եւ պարի բաժին մը, հաւկթախաղ եւ ապա անոնք միասնաբար ճաշեցին:
Նախքան արձակուիլը, անոնք ստացան Զատկուան գունաւոր հաւկիթներ եւ հայկական չէօրէկ:
ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանը կը գտնուի Կլենտէյլ: Հոն կը յաճախեն 80 աշակերտներ, ամէն Շաբաթ օր, ժամը 10էն 1։