ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» Մասնաճիւղի Զատկուան Տօնակատարութիւնը

Տարիներու աւանդութեան համաձայն՝ ՀՄԸՄ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղը այս տարի եւս կազմակերպած է Զատկուան տօնակատարութիւն մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մարտ 27ին, կէսօրուան ժամը 12էն մինչեւ կ.ե. ժամը 5, «Արարատ»ի կեդրոնին մէջ (3347 N. San Fernando Rd.)։
«Արարատ» մասնաճիւղի մեծ ընտանիքը համախմբող այս տօնակատարութեան ընթացքին նախատեսուած են երգ, հաւկթախաղ, զանազան խաղեր եւ պասքեթպոլի մրցում։
Մուտքի սակը 5 տոլար է, իսկ 5 տարեկանէն վար երեխաներու համար՝ ձրի։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել՝ (323) 256-2564 թիւին կամ այցելել www.ararat.org կայքը։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: