15ամեայ Սամուէլ Սեւեան 1-2րդ Տեղը Գրաւած Է Ամերիկեան Ճատրակի Մրցաշարքին Մէջ

Միացեալ Նահանգներու ճատրակի պատանեկան հաւաքականին մաս կազմող 15ամեայ գերվարպետ Սամուէլ Սեւեան մասնակցած է Տալասի համալսարանի հաւաքականին դէմ մրցաշարքի մը։ Համալսարանի խումբին մաս կը կազմէին տարբեր երկիրներէ գերվարպետի մակարդակը նուաճած ուսանողներ։

Սեւեան 10 մրցումներու ընթացքին արձանագրած է 5 յաղթանակ, 4 հաւասարութիւն եւ մէկ պարտութիւն, իսկ 7 կէտով կիսած է 1ին եւ 2րդ տեղերը:

Սամուէլ Սեւեան գերվարպետ դարձաւ 13 տարեկանին՝ հանդիսանալով ամենաերիտասարդ հայ գերվարպետը: Համեմատութեան համար, Լեւոն Արոնեան այդ կոչումին արժանացած է 18 տարեկանին, Կարի Գասփարովը՝ 17, Տիգրան Վարդանի Պետրոսեանը՝ 23, իսկ Սերգէյ Մովսիսեանը՝ 19 տարեկանին:

Սեւեանին կը պատկանի նաեւ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ ամենաերիտասարդ միջազգային կարգի վարպետի կոչումը, որուն ան արժանացած էր 12 տարեկան եւ 10 ամսական եղած ժամանակ։

Այս մասին կը յայտնէ «Ա1+»:

Scroll Up