Ժագ Ս. Յակոբեանի Գիրքերուն Ողջունահանդէսը Գեղարուեստական Վայելքի Պահ Եղաւ

Բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի նորագոյն երկու հատորներու ողջունահանդէսին առիթով, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը Հինգշաբթի, Մարտ 17ի երեկոյեան յագեցած էր հայկական արուեստի հիանալի մթնոլորտով մը: Ողջունահանդէսի բացման վայրկեանէն իսկ, մշակութասէր հանրութիւնը վայելեց հայ գիր ու երաժշտական արուեստ ցոլացնող էջեր, որոնք իբրեւ ոգեղէն «հատորիկ» մը գումարուեցան ներկայացուող երկու հատորներուն վրայ:
Ողջունահանդէսը կազմակերպուած էր Ազգ. առաջնորդարանի մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ՝ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի: Ներկայ էին հոգեւորականաց դասու, Ազգ. վարչութեան, Համազգայինի Շրջ. վարչութեան անդամներ ու ներկայացուցիչներ, ծխական շրջաններու ժողովականութեան ներկայացուցիչներ եւ գրասէրներու խումբ մը:
Երեկոն սկսաւ ժամը 7:30ին, Տէրունական աղօթքի հաւաքական արտասանութեամբ: Յանուն կազմակերպիչ յանձնախումբին, ողջոյնի խօսք արտասանեց Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, որ վեր առաւ նման ձեռնարկներու նշանակութիւնը, իբրեւ արտայայտութիւն՝ գրաւոր մշակոյթի հանդէպ ազգերու յանձնառութեան ու անոնցմով իսկ մշակոյթի արժեւորման: «Գիրքի Տարուան» առիթով Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամէն հատուած մը մէջբերելով՝ տէր հայրը շեշտեց, որ հակառակ գրաւոր արտայայտութեանց նկատմամբ աճող անտարբերութեան, գիրքը եղած է ու պիտի մնայ արժէք: Ապա, ան հրաւիրեց Կարինէ Տէր Գէորգեանը, որպէսզի վարէ յայտագիրը:
Հանդիսավարը իր առաքելութիւնը կատարեց արժանավայել կերպով: Ան հակիրճ եւ դիպուկ նշումներ կատարեց մեծարեալին մասին, երբ յաջորդաբար կը ներկայացնէր գեղարուեստական յայտագիրի մասնակցողները: Հայկական երաժշտութեան գանձարանէն պատառիկներով՝ երգով ու երաժշտական կտորներով ներկայացան ծանօթ սոփրանօ Անահիտ Ներսիսեան (Սաթեանի «Կարօտի Երգ»ով), Սարօ Պապիկեան (Կոմիտասի «Չինար Ես»ն ու «Կաքաւիկ»ը՝ կիթառով) եւ Ալէն Տիշըքըրըքեան (դաշնակով՝ Պապաճանեանի «Վաղարշապատի Պարը» ու Մանսուրեանի «Կտոր մը Երկինք»ը):
Առաջնորդարանին կողմէ լոյս ընծայուած «Փախչիլ Չկայ, Հա՜» եւ «Ոսկեհոս æրվէժ» հատորներուն ներկայացումը կատարեց ծանօթ հրապարակագիր եւ դաստիարակ Գէորգ Պետիկեան: Ան առաջին հերթին բացատրութիւն տուաւ հատորներու ներքին բաժանումներուն եւ բովանդակութեան մասին, ապա կանգ առաւ գիրք հասկացութեան եւ անոր արժանիքներուն վրայ՝ նշելով, որ գիրքը հեղինակի մը ներաշխարհին, ապրումներուն եւ միտքի հորիզոններուն արտացոլացումն է ու ընթերցողին հետ հաղորդակցութեան միջոց: Այս իմաստով, ան Ժագ Ս. Յակոբեան գրագէտի ու բանաստեղծի գործերուն անդրադարձաւ զանազան արժանիքներու դիտանկիւնէն՝ նշելով, որ անոնք հարազատօրէն կը ցոլացնեն այս բանաստեղծ-դաստիարակը, որ մեր սփիւռքեան գրականութեան մէջ տիրական ներկայութիւն է աւելի քան 80 տարիներէ ի վեր, անոր էջերը կը բուրեն հայկականութիւն, Մեսրոպեան աւանդներուն եւ քրիստոնէական հաւատքին հանդէպ հաւատարմութիւն: Ապա խօսելով բանաստեղծին իւրայատուկ յատկանիշներուն մասին՝ Պետիկեան վեր առաւ անոր պարզ ու հաղորդական լեզուն, գեղեցիկ հայերէնը, ջերմութիւնն ու հաղորդականութիւնը, հայկականութեան ու հաւատքի շեշտակի գիծերը, ինչպէս նաեւ՝ անոր սիրտէն յորդող ու էջերէն արտացոլացող սէրը, հայրենասիրութիւնն ու հաւատքի հաւատարմութիւնը: Գ. Պետիկեան իր խօսքը աւարտեց քաջառողջութիւն եւ գրիչի նոր արգասիքներ մաղթելով մեծարեալին:
Հանդիսավարը ապա հրաւիրեց սրբազանը՝ արտասանելու իր օրհնութեան խօսքը: Սրբազանը նախ ողջունեց բանաստեղծն ու գրասէր ներկաները՝ ընդգծելով, որ անոնք ընտրեալներ են, որոնք վայելեցին գրական ու գեղարուեստական գեղեցիկ պահ մը, իսկ բացակաները ունեցան մեծ կորուստ: Ապա առաջնորդը մէկ առ մէկ գնահատեց յայտագիրը ներկայացնողներն ու մասնակիցները՝ մասնաւորաբար նշելով, որ Գ. Պետիկեանի մատուցումը եղաւ յիշատակելի եւ գերազանց: Ան կանգ առաւ այս ողջունահանդէսի շարժառիթին ու նպատակին վրայ՝ յիշեցնելով, որ զոյգ հատորները բանաստեղծին հետ գործակցաբար լոյս ընծայուեցան Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով. անոնց էջերէն կ՛արտացոլան հայութեան պահանջատիրութիւնն ու մեր արժէքներուն հանդէպ յանձնառութիւնը: «Այս գիրքերը նորագոյն վկայութիւններն են բանաստեղծ, մտաւորական ու Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայ Ժագ Ս. Յակոբեանի բիւրեղեայ էջերուն, որոնք յիսուսահար են ու մեսրոպաշունչ, հայատրոփ են ու կը կազմեն գեղեցիկ ուլունքաշար մը: Բանաստեղծին մաքուր սիրտէն ու հոգիէն բիւրեղօրէն հոսող էջերը կերտուած են Աստուծոյ շնորհքներով, եւ իբրեւ ընծայ կը ներկայանան Աստուծոյ սեղանին», ըսաւ ան: Անդրադառնալով Ժագ Ս. Յակոբեանի հետ իր անձնական կապերուն՝ առաջնորդը յայտնեց, թէ իր առաջին ծանօթութիւնը եղած է պատանի տարիքին, աշակերտութեան օրերուն, երբ սորված է «Մենք» բանաստեղծութիւնը, իսկ Արեւմտեան թեմին մէջ իր պաշտօնավարութիւնը առիթ ստեղծած է անձամբ ճանչնալու եւ գործակցելու Յակոբեանի հետ: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Ազգ. առաջնորդարանը լոյս ընծայած է բանաստեղծի գործերէն աւելի քան 10 հատորներ եւ մաղթեց, որ անոր գրիչը մնայ բեղուն: Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Ժագ. Ս. Յակոբեանին, մեր գիրին ու ժողովուրդին իր բազմամեայ ծառայութեան համար, ապա հրաւիրեց զինք արտասանելու ի՛ր սրտի խօսքը:
Ժագ Ս. Յակոբեանի արտայայտութիւնները բերին հաճելի եւ բանաստեղծավայել անակնկալ մը: Ան նախ յայտարարեց, թէ չ՛ընդունիր իրեն վերագրուած «ծերունազարդ» որակումը, որովհետեւ եղած է ու կը մնայ գարունազարդ: Ան գրական այս երեկոն նմանցուց հեքիաթի մը, որ վերջ կը գտնէ երկինքէն ինկող երեք խնձորներով: Ան իրեն հետ բերած երեք խնձորներէն մէկը նուիրեց առաջնորդին, իբրեւ շնորհակալութեան արտայայտութիւն՝ իր հատորներու լոյս ընծայման ու առաջնորդարանին հետ բարեկամութեան համար, երկրորդը նուիրեց գրախօսին՝ Գ. Պետիկեանին, առ ի գնահատանք անոր կողմէ գիրքերու ներկայացման, իսկ երրորդը նուիրեց ներկայ հանդիսականներուն՝ մաղթելով, որ անոնք ստանան եւ վայելեն իր խնձորահամ գիրքերը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ այս երեկոյի կազմակերպման առթիւ, եւ իբրեւ եզրափակիչ արտայայտութիւն՝ ընթերցեց իր բանաստեղծութիւններէն՝ «Օտար Շեմին»էն հատուած մը, որ կը ցոլացնէ իր հոգեկան խռովքը այն օրուան, երբ հարկադրուած էր իր 5 տարեկան մանչուկը օտար դպրոց մը յանձնելու…
Սրբազանը իր կարգին յուշանուէր մը յանձնեց բանաստեղծին, իսկ կազմակերպիչ յանձնախումբը ծաղկեփունջերով շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրի մասնակիցներուն, ապա երեկոն փակուեցաւ «Պահպան»ջչ աղօթքով։ Այնուհետեւ, ներկաները մտերմիկ պահ մը բոլորեցին «գարունազարդ» բանաստեղծին հետ ու սրահէն մեկնեցան՝ նուէր ստանալով երկու հատորներէն օրինակներ, վայելելէ ետք կոկիկ հիւրասիրութիւն մը:
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: