Պրիւքսէլի Մէջ Հայ Երիտասարդի Անյայտ Կորսուելու Հարցը Հաստատուած Չէ

Այսօր շարք մը լրատուամիջոցներ տեղեկութիւն տարածած էին, որ Պիւքսէլի մէջ երէկ տեղի ունեցած պայթիւններու հետեւանքով հայ երիտասարդ մը անյայտ կորսուած է: Ըստ «Հայերն այսօր»-ի` Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը չէ հաստատած, որ հայ երիտասարդը կը շարունակէ անյայտ կորսուած ﬓալ:
Յանձնախումբի մամուլի պատասխանատու Պետօ Տէﬕրճեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած էր, որ ՀՀ դեսպանատան թէժ գիծը երէկ զանգ ստացած էր 2 մարդու կորսուելու մասին, սակայն աւելի ուշ անոնք գտնուած էին: Ըստ անոր` հնարաւոր է այս լուրի հենքը հէնց այդ փաստը եղած ըլլայ:
«Պրիւքսէլի հայ համայնքէն կը խնդրենք տեղեկութիւններու առկայութեան պարագային ատոնք փոխանցել»,-եզրափակած է Պետօ Տէﬕրճեան: