Նիւ Եորքի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Սումկայիթի Ջարդերու 28-րդ Տարելիցի Ոգեկոչման Արարողութիւն
Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած է Սումկայիթի ջարդերու 28-րդ տարելիցին նուիրուած արարողութիւն: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ «Հայրենիք» պարբերականէն:
Այն կազմակերպուած եւ հովանաւորուած էր Պրուքլինի Հայ Աւետարանչական հովուութեան` յանձինս Մարինա Պաղտասարովայի եւ Անմիջական Օգնութիւն հայ ժողովուրդին կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Սուետլանա Ամիրխանեանի կողմէ:
Սուրբ Վարդան մայր տաճարին մէջ մատուցուած պատարագէն յետոյ հարիւրէ աւելի մարդիկ, հիմնականին մէջ Ատրպէյճանէն բռնագաղթուածներ, հաւաքուած են եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ` մասնակցելու յիշատակի երեկոյին` ուղեկցուած տխուր յիշողութիւններով, ասմունքով եւ երգերով:
«Մենք երբեք չենք մոռնար, մենք երբեք չենք ներեր: Ցեղասպանութիւնները եւ զանգուածային սպանութիւնները պէտք չէ մոռցուին: Մենք պէտք է ճանաչման հասնինք, արդարութեան, մեղաւորները պէտք է պատժուին: Մեր յոյսը ու ապագայի պատգամն է, որպէսզի կանխենք նմանօրինակ վայրագութիւնները եւ որ մեր սերունդները խաղաղ ապրին»,-երեկոյի ընթացքին ըսած է Պաղտասարովան:
Սուետլանա Ամիրխանեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ թէեւ չէ եղած Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ , բայց ցաւը կարծես իր մաշկին վրայ կը զգայ: «Ատրպէյճանցիներու իրականացուցած ջարդերէն յետոյ Ամերիկայի մէջ հաստատուեցան բազմաթիւ փախստականներ, որոնց համար հայկական դպրոց բացուեցաւ: Մեր նպատակն է, որպէսզի դպրոցը շարունակէ գործել, որպէսզի մեր լեզուն, մշակոյթը չկորսուի: Մենք քիչ ենք, սակայն հզօր ենք եւ միշտ պիտի ըլլանք»,-իր խօսքը եզրափակած է Ամիրխանեան:
Սուրբ Վարդան Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Մամիկոն Քիլեճեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է կազմակերպիչներուն:
Երեկոն եզրափակուած է Սումկայիթի նահատակներու հոգիներու հանգստութեան համար հնչած աղօթքով եւ «Հայր մեր»ով: