Մանուկներու Միջազգային Օրուան Առիթով` «Ձեզ Դիտելով Ես Ձեր Մէջ Կը Տեսնեմ Մեր Ժողովուրդի Ապագան» Ընդգծեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, երկուշաբթի, 21 մարտ 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ Մանուկներու միջազգային օրը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալմանի եւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան ու անոնց ընկերակցող ուսուցիչներուն:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտներէն Պարգեւ Սասունեան ողջունելէ ետք ներկաները անդրադարձաւ մանուկներու օրուան: Պատմական յետադարձ հակիրճ ակնարկով մը ան նշեց կարգ մը յառաջատար երկիրներու մէջ 19-րդ դարուն մանուկներու իրաւունքներու հաստատման քայլերը` դիտել տալով, որ աւելի քան 120 միլիոն մանուկներ կ՛ապրին փողոցներու մէջ:
Ապա Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներէն Սիրեն Միքայէլեան արաբերէնով ողջունեց ներկաները եւ խօսելով մանուկներու իրաւունքներուն մասին նշեց, որ հակառակ այս գծով միազգային համաձայնագիրներու կնքումին եւ մանուկներու յատուկ օրուան յատկացումին, տակաւին մանուկներ զրկուած են շատ մը իրաւունքներէն: Անոնց անունով բանաստեղծական ոճով Միքայէլեան պահանջեց յարգել մանուկներուն իրաւունքները: Միքայէլեան բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօս Յաւերժ Շխրտըմեանը:
Յաւերժ Շխրտըմեան
Մանուկներու յատուկ տեսերիզի ցուցադրութեամբ Շխրտըմեան անդրադարձաւ մարդկային կարեւորագոյն եօթը յատկանիշներուն` սէր, կամք, նպատակասլացութիւն, հաւատարմութիւն, անկեղծութիւն, ճշմարտութիւն, պատասխանատուութիւն եւ երախտագիտութիւն: Շխրտըմեան բացատրեց իւրաքանչիւր յատկանիշի իմաստն ու կեանքին մէջ անոնց որդեգրման եւ կիրարկման կարեւորութիւնը: Մէջընդմէջ ան առնչակից հարցումներով ներկայ աշակերտութիւնը մասնակից դարձուց իր բացատրութիւններուն: Աշակերտները յաճախ ծափերով ընդմիջեցին Յաւերժ Շխրտըմեանի խանդավառ թելադրանքները: Ապա ան բեմ հրաւիրեց ֆութպոլիստ Գէորգ Օհանեանը:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկ Օհանեան շնորհաւորեց աշակերտները մանուկներու օրուան առիթով` մաղթելով, որ իւրաքանչիւր մանուկ ըլլլայ ուրախ եւ իր ծնողքին մօտ: ՀՄԸՄ-ի շապիկը հագած` Գէորգ Օհանեան շեշտեց մարզանքին կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ: Ապա ան բեմ հրաւիրեց կարգ մը աշակերտներ, որոնց հետ կարճատեւ մրցում մը կազմակերպեց եւ յաղթական մանուկին` Գէորգ Գէորգեանին նուիրեց իր հագած ՀՄԸՄ-ի շապիկը:
Ապա իր կարգին ան բեմ հրաւիրեց օդաչու Յակոբ Նիկոլեանը:
Յակոբ Նիկոլեան
Մեկնելով իր իսկ ապրած փորձառութենէն` Յակոբ Նիկոլեան անդրադարձաւ կեանքին մէջ տեսլականի մը, նպատակի մը հետապնդման հիմնական քայլերուն: Ծաղիկ դասարանէս կ՛երազէի օդաչու դառնալ», նշեց Նիկոլեան` թուելով այն հիմնական յատկութիւնները, զորս անհատ մը պէտք է որդեգրէ իր նպատակին հասնելու համար, ինչպէս` կամք, վճռակամութիւն` շարունակելու, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ այլն: Ապա Յակոբ Նիկոլեան բեմ հրաւիրեց ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց ներկայացուցչական խումբի խմբապետ Սեւակ Գեթենճեանը, որ խօսեցաւ հաւաքական աշխատանքի կարեւորութեան մասին: Ան բեմ հրաւիրեց զանազան վարժարաններէ 15 աշակերտներ եւ անոնց հետ հաճելի մրցում-խաղ մը կազմակերպեց: Խանդավառ աշակերտութեան կողմէ յաճախ ծափողջոյններով ընդմիջուած այս խաղին ընդմէջէն Սեւակ Գեթենճեան շեշտեց հաւաքական աշխատանքին մէջ յաջողութեան տուեալներն ու չափանիշները, ինչպէս` նպատակի ճշդում, տուեալներու ընտրութիւն եւ զտում, համերաշխութիւն, գործակցութիւն եւ այլն:
Ապա կազմակերպիչ յանձնախումբէն Սեդա Մանկասարեան արաբերէնով եւ հայերէնով յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց օրուան հիւր բանախօս դոկտ. Նուր Սալմանն ու Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը:
Դոկտ. Նուր Սալման
Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալման սեղմ գիծերու մէջ արաբերէնով անդրադարձաւ Մանուկներու օրուան նշումին` այս առիթով իր ուրախութիւնը յայտնելով հայ աշակերտներու հետ տօնելով այս օրը: Մանուկներու առնչուող հետաքրքրական հարցումներով եւ աշակերտութեան խանդավառ պատասխաններու մթնոլորտին մէջ, դոկտ. Սալման Շահէ սրբազանէն խնդրեց աղօթել այս մանուկներուն համար: Դոկտ. Սալման յատուկ թելադրանքներ փոխանցեց աշակերտներուն:
Իր կարգին, առաջնորդ սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցեց` իր ուրախութիւնը յայտնելով աշակերտութեան հետ միասնաբար այս օրուան նշումին համար: «Կեանքը բոլորիս դիմաց պատասխանատուութիւններ դրած է, երանի բոլորս մեր պատասխանատուութիւնները ճիշդ ընենք», շեշտեց Շահէ սրբազան` շնորհաւորելով հայ աշակերտները մանուկներու օրուան առիթով: «Ես ձեր մէջ միայն մանուկներ չէ որ կը տեսնեմ, այլ նաեւ մեր ժողովուրդի ապագան, ուր որ տանինք այդ ապագան, այդպէս տեղի կ՛ունենայ», եզրափակեց Շահէ եպս. Փանոսեան` վստահեցնելով, որ հայ մանուկներու իրաւունքները կը յարգուին իրենց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն կողմէ: Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ի այս քայլը:
Շահէ եպս. Փանոսեան
Աւարտին առաջնորդ սրբազան հայրը, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեան եւ Սեդա Մանկասարեան օրուան բանախօս հիւրերը պարգեւատրեցին ԼՕԽ-ի յատուկ յուշանուէրներով:
Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի աշակերտ Ռիթա Գասպարեան արաբերէնով արտասանեց Ապտօ Լապաքիի` մօր համար յատուկ գրուած մէկ բանաստեղծութիւնը: Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն Ռուբէն Խաչատուրեան բացատրեց պաստառներուն մէջ պարզուած պատկերներու իմաստը: Իսկ Նայիրա Պաղտասարեան երեք այլ աշակերտներու հետ յատուկ երգով մը ելոյթ ունեցաւ:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: