«Կը ցաւակցինք անմեղ կեանքերու կորուստին». ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբ

ՀՅԴ Երոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ աշխատակիցները, Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբը խորապէս սրտնեղած են Պրիւքսելի եւ Զաւենթեմի միջազգային օդակայանի այսօրուան ահաբեկչական ցաւալի յարձակումներէն:

Ապահով ենք, սակայն վրդոված: Շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք հեռաձայնեցին եւ զօրակցական պատգամներ ուղարկեցին: Կը ցաւակցինք անմեղ կեանքերու կորուստին, եւ մեր մտածումները եւ աղօթքները կ’ուղղենք անոնց ընտանիքներուն եւ բարեկամներուն:

Այսօրուան աշխարհին մէջ վայրագութիւնը եւ ատելութիւնը տեղ չունին… Եւրոպայի տարածքին մեր ամբողջ կազմակերպութիւններուն անունով, մեր զօրակցութինը կը յայտնենք Պելճիքայի թագաւորութեան եւ համայն բնակչութեան՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ այս վախկոտ արարքները յաղթահարելու մէջ:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբ, գրասենեակ
ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբ

Պրիւքսել,
22/03/2016

լոգո

Scroll Up