Դեսպան Ռիչըրտ Միլզի Հանդիպումը ՍԴՀԿի Եւ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի Ներկայացուցիչներուն Հետ

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, թէ ամերիկահայ համայնքի քաղաքական, կրօնական, բարեսիրական եւ այլ կազմակերպութիւններու ղեկավարութեան հետ իր հանդիպումներուն ծիրէն ներս, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ Մարտ 10ին հանդիպում մը ունեցած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան եւ Հայ ամերիկեան խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ:

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ մարմինի ատենապետ Գրիգոր Խոտանեանի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները դեսպանին ներկայացուցած են կուսակցութեան տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները՝ Հայաստանի ներքին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն մասին։

Դեսպանը յայտնեց, թէ որոշ բնագաւառներէ ներս արձանագրուած է դրական յառաջդիմութիւն. յատկապէս կաշառակերութեան դէմ պայքարին գծով՝ դեսպանատան եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ համագործակցութիւնը տուած է դրական արդիւնքներ: Այլ մարզերու մէջ, սակայն, ըստ դեսպանին՝ հարցերը աւելի դանդաղ կ՛ընթանան: Ան բարձր գնահատեց Հայաստանի երիտասարդութեան մասնակցութեամբ հասարակական կազմակերպութիւններուն ծաւալած գործունէութիւնը, որոնք յոյս կը ներշնչեն երկրի ապագային հանդէպ:

Scroll Up