Միօրեայ «Լիթըլ Արմենիա» Մշակութային Փառատօնով Հայկական Մշակոյթը Եւ Ժառանգութիւնը Ներկայացուեցան

Ուրբաթ, 18 մարտ 2016-ին` Լիբանանեան – ամերիկեան համալսարանի Պէյրութի մասնաճիւղին մէջ տիրող մթնոլորտը սովորական չէր: Համալսարանի Հայկական ակումբը, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00 տեւած հայկական մշակութային փառատօնով մը յաջողեցաւ համալսարանին մէջ հայկական մտերմիկ մթնոլորտ մը ստեղծել: Փառատօնը կը կրէր «Լիթըլ Արմենիա» (Փոքր Հայաստան) վերնագիրը եւ անոր մասնակցեցան թէ՛ ուսանողներ, թէ՛ ալ արտահամալսարանական այցելուներ: Ձեռնարկը ինչպէս զուարճանալու, նոյնպէս ալ զարգանալու եւ հայ մշակոյթին, պատմութեան եւ հայութեան առնչուող ընդհանուր տեղեկութիւններու մասին հետաքրքրական ու իւրայատուկ գիտելիքներու ծանօթանալու առիթը ընծայեց հայ թէ օտար այցելուներուն. ատիկա աչքառու էր համալսարանի տարածքին զետեղուած բազմաթիւ ցուցատախտակներով եւ ձեռային աշխատանքներով, որոնք պատրաստուած էին հայ ուսանողներուն կողմէ:
Բացի հարուստ բովանդակութիւն ունեցող այդ ցուցատախտակներէն, հայ ուսանողները յաջողած էին հայ մշակոյթը ներկաներուն հասանելի դարձնել նաեւ զանազան գործնական եւ հաճելի միջոցներով, ինչպէս` խելացի խաղերով, հայկական աւանդական ճաշերով, ազգագրական պարի դասընթացքով, նուագով, գծագրութեամբ եւ այլն:
ՊԷտք է յիշել, որ փառատօնին իրենց գնահատելի մասնակցութիւնը բերին «Պատկեր» ճաշարանը` իր ուտեստեղէններով ու ձեռարուեստով, «Փուռ Իշխանեան»-ը, «Առ.Էնտ.Էլ.» խոհանոցը, «Ափրիքոթ» հայկական խմիչքներու խանութը, նորակազմ հայկական «Միհրան» նուագախումբը, արուեստագէտ Սիրուն Սարեան` տեղւոյն վրայ իր արտադրած խորհրդաւոր գծագրութեամբ (որ մինչեւ 24 ապրիլ 2016 պիտի ցուցադրուի համալսարանին մէջ), եւ ուրիշ շարք մը հաստատութիւններ:
«Փոքր Հայաստան» փառատօնը յատուկ առիթ մը եղաւ համալսարանի կարգ մը` սխալ հանրային կարծիք կազմած շրջանակներուն ցոյց տալու, թէ հայութիւնը չ՛առնչուիր միայն Ցեղասպանութեան, այլ նաեւ կ՛արժեւորուի իր հարուստ մշակոյթով:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: