Մերտինեան Վարժարանի «Պէզճեան Ընտանիքի Շէնք»ին Պաշտօնական Անուանակոչութիւնը՝ Մայիս 15ին

1982ին, Հայ աւետարանչական միութեան եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան համատեղ ջանքերով հիմնուած վարժարանը 1986ին Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան Հայ Աւետարանական վարժարան կոչուած էր, երբ Շարլոթ եւ Էլիզ քոյրերուն կատարած նուիրատուութեամբ կարելի եղած էր գնել ներկայ վարժարանի կալուածը։
2012ին, տէր եւ տիկին Ալպերթ եւ Թերի Պէզճեանները վարժարանին մէկ միլիոն տոլարի առատաձեռն նուիրատուութիւն մը կատարեցին, որպէսզի դպրոցը օժտուի նոր երկու յարկանի շէնքով մը, որ պիտի գայ փոխարինելու դպրոցի նախկին վարչական շէնքը:
Նոր կառոյցին մէջ պիտի ըլլան վարժարանի գրադարանը, գիտական տարրալուծարանը, արուեստի սրահը, հինգ դասարաններ եւ դպրոցի այլ կարիքները գոհացնող սենեակներ:
Այս նոր շէնքի կառուցումը պիտի իրականանայ այս տարուան Մայիսին, իսկ զայն պաշտօնապէս «Պէզճեան Ընտանիքի Շէնք» կոչելու արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 15ին, վարժարանի համալիրէն ներս կայանալիք դպրոցի տարեկան 34րդ ձեռնարկին ընթացքին։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: