Թուրքիոյ Զբօսաշրջութիւնը Մեծ Կորուստներ Կը Կրէ

Թուրքիոյ զբօսաշրջութիւնը մեծ  կորուստներ կը կրէ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ ճգնաժամի եւ պարբերաբար կրկնուող ահաբեկչական գործողութիւններու հետեւանքով: Panorama.am-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը գրէ «Wall Street Journal» պարբերականը:

Պարբերականը կը նշէ, որ 2001-2014  թուականներու ընթացքին զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ Թուրքիոյ եկամուտները եռապատկուեցան` հասնելով 34,3 միլիառ տոլարի: Այս ոլորտին մէջ կ՛աշխատէր շուրջ 1 միլիոն մարդ, որ կը կազմէ երկրի աշխատունակ բնակչութեան շուրջ 7 տոկոսը:

Ըստ «Wall Street Journal»-ի` իրավիճակը կտրուկ փոխուեցաւ, երբ թրքական օդուժը խոցեց ռուսական Су-24 ռմբակոծիչը, որմէ ետք Մոսկուան տնտեսական պատժամիջոցներ սահմանեց Թուրքիոյ նկատմամբ:

Բացի ատկէ, ըստ պարբերականին, ոլորտի վրայ իրենց բացասական ազդեցութիւնը ձգեցին նաեւ պարբերաբար կրկնուող ահաբեկչական գործողութիւնները:

Այս առումով` «Wall Street Journal»-ը կը մէջբերէ, աշխարհի մէջ խոշորագոյն «TUI Group» զբօսաշրջային գործարկուի եւ գերմանական զբօսաշրջութեան ընկերացութեան տուեալները, ըստ որոնց Թուրքիա նախատեսուած այցելութիւնները 2015-ի համեմատութեամբ նուազած են 40 տոկոսով, իսկ հարիւրաւոր հիւրանոցներ վաճառքի հանուած են:

Scroll Up