Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Արձակուած է Աւելի Քան 2400 Կրակոց

Ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ անցնող շաբաթավերջին իրադրութիւնը՝ ատրպէյճանական կողմի պատճառով՝ եղած է լարուած: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութենէն:
Նշուած ժամանակահատուածին հակառակորդը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 2400 կրակոց:
Սահմանագիծի հարաւային, հարաւարեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութիւններով ատրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ 60 (40 արկ) եւ 82 (11 արկ) միլիմեթրանոց ականանետեր:
Սովորութեան համաձայն, փորձելով պարտակել իր ապակառուցողական գործողութիւնները, Ատրպէյճանը լարուածութեան աճին մէջ շտապած է մեղադրել հայկական կողմը:
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կրկին կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը խստօրէն հետեւելու ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն` միեւնոյն ժամանակ պատրաստ ըլլալով կանխել հակառակորդի ցանկացած սադրիչ գործողութիւն: